Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհ. Փալինիա Միացաւ Պայերնին… 1 Տարի Ետք

July 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փորթուգալցի միջնապահ Ժոաօ Փալինիա միացաւ Պայերն Միւնիխին` 12 ամսուան ձախող փորձէ մը ետք:

Արդարեւ, Ֆուլհամի միջնապահը անցեալ ամառ ներկայացած էր Միւնիխ, բժշկական քննութիւններ կատարած եւ նոյնիսկ տարազով ալ նկարուած, սակայն Ֆուլհամ ձախողելէ ետք իրեն փոխանորդ մը գտնելու, առիթ չէր տուած, որ փորթուգալցի մարզիկը միանայ Պայերնի:

Օրուան մարզիչ Թոմաս Թուխելի թիւ 1 նպատակն էր Փալինիան, որ շատ լաւ թիւ 6 մըն է, այսինքն` պաշտպանող միջնապահ մը, որ կրնայ կապել պաշտպանողականը կեդրոնին, կասեցնել մրցակից խումբերուն յարձակումները` օգնելով կեդրոնի պաշտպանողական զոյգին, դիւրացնել եւ նուազեցնելով անոնց վրայ ճնշումը:

Անցեալ տարի 70 միլիոն ամ. տոլարի փոխանցուելու փոխարէն, այս տարի Պայերն 54,2 միլիոնի կրցաւ ձեռք ձգել մարզիկը, որ Պաւարիոյ կազմին տարազը պիտի կրէ մինչեւ 2028-ի ամառը:

Այժմու մարզիչ Վենսան Քոմփանիի միանալէն ետք, Պայերն ձեռք ձգած է 3-րդ նոր մարզիկը` Շթութկարթի պաշտպան Հիրոքի Իթոյէն եւ Քրիսթըլ Փելեսի ծայրի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէն ետք:

Նշենք, որ Միւնիխ Քրիսթըլ Փելեսին վճարած էր 53 միլիոն եւրօ փոխանցման գումար, առաւել 5,9 եուրօ իբրեւ պոնիւս Օլիսի համար (22 տարեկան):

«Պունտըսլիկա»-ի խումբերէն Պորուսիա Տորթմունտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցում հասած էր, իր կազմին մէջ առաւ ազգային խումբի կեդրոնի պաշտպան Վալտըմար Անթոնը Շթութկարթէն:

27 տարեկան Անթոն 22,5 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացաւ Տորթմունտին, մինչեւ 2028 տարեշրջանի աւարտը:

Անթոն Շթութկարթի հետ 33 մրցում կատարած էր` ձեռք ձգելով 3 էսիսթ: Մնալով Տորթմունտի հետ, ձախ ծայրի պաշտպան, նետերլանտցի Իան Մաաթսըն միացաւ Ասթոն Վիլային: Չելսիի մարզիկը, որ փոխ տրուած էր Տորթմունտին, բաւական լաւ տարեշրջան մը բոլորած էր գերմանական կազմին հետ եւ հասած «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական:

22 տարեկան Մաաթսըն 2019-ին միացած էր Չելսիին` լքելով Փ.Ս.Վ. Այնտհովընը, բայց փոխ տրուած Չարլթընի, Քովենթրիի, Պըրնլիի եւ վերջերս Տորթմունտի:

Մնալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ակումբներու վերջին տարեշրջանի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ հաւանաբար ձեռք ձգէ Նետերլանտներու եւ Ա. Սէ. Միլանի միջնապահ Թիճանի Ռէյնտըրզը:

25 տարեկան Ռէյնտըրզ կրնայ միանալ Ռէալին` փոխարինելու Թոնի Քրուսը կամ Լուքա Մոտրիչը, մանաւանդ եթէ Ռէալի հիմնական թիրախներէն մէկը` գերմանացի Եոշուա Քիմիչ չմիանայ իրեն:

Պայերն Միւնիխի պաշտպան-միջնապահ Քիմիչ քանի մը տարիէ ի վեր կը մերժէ լքել գերմանական խումբը, բայց վերջերս շատ քաջալերուած չէ մնալու Պայերնի հետ:

Պայերնի քորէացի պաշտպան Քիմ Մինճայով հետաքրքրուած է Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլանը: Քիմ Մինճա, որ Նափոլիի հետ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի լաւագոյն պաշտպաններէն մէկն էր, չկրցաւ ինքզինք պարտադրել Պայերնի վրայ, առիթ տալով նոր փոխանցումի մը:

Ինթեր Միլան արդէն իսկ ձեռք ձգած է Ճենովայի բերդապահ Խոսեփ Մարթինեսը` 15 միլիոն եւրոյի փոխարէն:

Պարսելոնայի ակադեմիայի բերդապահը մաս կազմած է Լայփցիկի ու Լաս Փալմասի եւ 2022-էն ի վեր Ճենովայի հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ:

Իտալիոյ ֆութպոլի «հսկան»` Եուվենթուս, որ ձեռք ձգած էր մարզիչ Թիակօ Մոթան (նախապէս` Պոլոնիա), արդէն իսկ իր կազմին միացուցած էր Քեֆրէ Թիւրամը եւ կ՛ուզէ «ազատիլ» Ֆետերիքօ Քիեզայէն:

Ֆետերիքօ Քիեզա, որ յաճախ կը վիրաւորուի, մարզիչ Մոթթայի ծրագիրին մէջ չկայ ըստ երեւոյթին, եւ Եուվէի պատասխանտուները կը փորձեն կապուիլ Պայերն Միւնիխին` յարմար գինով «ծախելու» զայն:

Նախապէս Պայերն Միւնիխ հետաքրքրուած էր Քիեզայով, բայց արդեօք այս տարեշրջանին այդ քայլը իրականանա՞յ… կասկածելի է:

Նշենք, որ «Սէրի Ա.»-ի լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ Եոշուա Զիրքզի, որ շատ լաւ տարեշրջան մը բոլորած էր Պոլոնիայի հետ, միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Մանչեսթըր Եունայթըտ ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին միացնել նաեւ Պայերն Միւնիխի կեդրոնի պաշտպան Մաթայս տը Լիխթը, որ իր կարգին Զիրքզիի նման նետերլանտցի մարզիկ է:

Արսենալ, որ անցեալ տարի սուր պայքար մղեց «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան դառնալու, գրեթէ ձեռք ձգեց Իտալիոյ լաւագոյն պաշտպան Ռիքարտօ Քալաֆիորին: Իր կարգին, Պոլոնիայի մարզիկ Քալաֆիորի կը նկատուի վերջին տարիներու Իտալիոյ լաւագոյն պաշտպանը:

Սպանացի միջնապահ Տանի Օլմօ, որ իր վրան կեդրոնացուցած է լուսարձակները, գրաւած է Չելսիի ուշադրութիւնը:

Օլմօ, որով Պայերն Միւնիխին ալ հետաքրքրուած է, Սպանիոյ հաւաքականին հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ, Պայերնի ցանկին վրայ է, բայց 2-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի Նետերլանտներու միջնապահ Չաւի Սիմոնզի ետին:

21 տարեկան Սիմոնզ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ է եւ փոխ տրուած էր Լայփցիկին անցեալ եղանակին, բազմաթիւ խումբերու ուշադրութիւնը գրաւած է:

 

 

Նախորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հարիւրամեակի Յոբելենական Պաշտամունք

Յաջորդը

«Քոնֆետերէյշըն Լիկ». Նոա Եւ Ուրարտու Յաղթանակներով Սկսան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.