Ֆրանսացի յայտնի լրագրող Տանիէլ Ռիոլօ 2024-ի Եուրոյի մրցաշարքին Ֆրանսայի ձախող ելոյթներէն ետք վատ ձեւով արտայայտուած է ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշանի հասցէին:
«Կը բաւէ, Տիտէ՛: Մենք այլեւս չենք կրնար հանդուրժել: Այս բանը կ՛երկարի: Ֆրանսացիները այլեւս չեն ցանկար դիտել այս մակարդակի ֆութպոլ ազգային խումբին կատարողութեամբ, ժամանակը հասած է հեռանալու: Բոլորը յոգնած են քեզմէ», յայտնած է Ռիոլօ:
Նշենք, որ 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան պլէօ-պլան-ռուժի խումբը (Ֆրանսայի եռագոյն դրօշը) 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր կիսաւարտականին` Սպանիայէն:
Տեշան 2012-էն ի վեր Ֆրանսայի ազգային խումբին մարզիչն է եւ կատարած 159 մրցումներուն 101-ը կրցած է յաղթել, արձանագրած է 33 հաւասարութիւն եւ կրած 25 պարտութիւն:
Կրցած է շահիլ 2018-ի մոնտիալը, դարձած է 2016-ի Եւրոպայի փոխախոյեան եւ 2022-ի մոնտիալի փոխախոյեան:
Անոր ժամանակ Ֆրանսա մեծ թիւով աստղեր եւ տակաւին ունի, բայց քիչ մը շատ պաշտպանողական եւ զգուշ խաղաոճ կը կիրարկէ:


