«Էմ.Էլ.Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) ախոյեանութեան մրցումներուն գծով Քոլոմպուս 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթոն:
Քոլոմպուսի յառաջապահ ուրուկուէյահայ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան կոլ մը նշանակեց, ինչպէս նաեւ 2 էսիսթ կատարեց այդ մրցումին:
26 տարեկան հայ մարզիկը 20 ելոյթներէ ետք 7 կոլ նշանակած է եւ կատարած 6 էսիսթ:
Քոլոմպուս Քրու այժմ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի 3-րդ դիրքը` Սինսինաթիի (առաջին) եւ Ինթեր Մայեմիի ետին:
Ինթեր Մայեմի, որմէ կը բացակայի Լիոնել Մեսսի, Քոփա Ամերիքայի մրցումներուն պատճառով 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Սինոինաթիէն: Սերխիօ Պոաքեթց 62-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստացաւ, երբ արդէն արդիւնքը 5-1 էր:
Նշենք, որ Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Լոս Անճելըս Էֆ.Տի., նոյնքան կէտեր ունենալով Ռիլ Սոլթ Լէյքի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ` 43 կէտեր:


