Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Արգիլած Է Հայաստանի Եւ Վրաստանի Համար Նախատեսուած Բեռի Իր Օդային Տարածքով Տեղափոխումը

July 12, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւնները կը շարունակեն կամայականութիւնները` խոչընդոտելով Հայաստանին առնչուող թռիչքներն ու օդանաւերու ազատ տեղաշարժը: Այս մասին հաղորդեց «Հետք»-ը:

Չորեքշաբթի օր Պելճիքայի Լիեժ քաղաքէն Երեւան թռչող եթովպիական օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ 777ԷՖ» բեռնատար օդանաւը, տարանցելով Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ օդային տարածքները, մտած է Պուլկարիոյ երկինք, ուրկէ պէտք է անցնէր Թուրքիոյ օդային տարածք, ապա հասնէր Երեւան:

Թռիչքներուն առցանց հետեւող կայքերուն վրայ, սակայն, կարելի է տեսնել, որ Պուլկարիոյ երկինքին մէջ օդանաւը քանի մը շրջապտոյտ կատարած է եւ, թրքական կողմէն մուտքի արտօնութիւն չստանալով, շրջուած է դէպի Վիեննա, ուր միջանկեալ էջք կատարած է, ապա վերադարձած Լիեժ:

Եթովպիական բեռնատար օդանաւը նախապէս թրքական քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ օդային տարածքէն դէպի Հայաստան անցնելու, սակայն վերջին պահուն թուրքերը դրսեւորած են հերթական կամայականութիւնը, որուն պատճառով օդանաւը չէ կրցած հասնիլ Երեւան:

«Հետք»-ը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքային թռիչքներու յանձնախումբէն տեղեկացած է, որ նշեալ օդանաւը ունեցած է բոլոր անհրաժեշտ արտօնութիւնները, սակայն Թուրքիան վերջին պահուն արգիլած է իր երկիր մտնել:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Եւրոպական Միութեան Դէտերուն Հետ Դիտարկած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

Յաջորդը

Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ-ը Վճռականօրէն Կ՛աջակցի Հայ Ազրպէյճանական Կարգաւորման Եւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման»

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.