Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատութիւն

July 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ազատութիւնը համայն մարդկութեան համար ցանկալի իրավիճակ մըն է: Ամէն մարդ կը ցանկայ ունենալ զայն` նորածին մանուկէն մինչեւ ալեհեր ծերունին: Ազգեր կը ցանկան ազատ ըլլալ ու ազատութեան համար կը պայքարին եւ արիւն կը թափեն: Ազատութիւնը այն տենչալի գոյավիճակն է, որուն մասին յաճախ կը խօսուի, կը գրուի, բանավէճի նիւթ կը դառնայ, որուն համար անձեր եւ ազգեր պատրաստ են իրենց կեանքը զոհելու:

Ի՞նչ է ազատութիւնը: Ի՞նչ են զայն բնորոշող, զայն զանազանող եւ սահմանող յատկանիշները:

Ազատութիւնը համամարդկային, ընդոծին բնազդ մըն է, որ մարդոց ծնունդէն ի վեր ի յայտ կու գայ անոնց կեանքին մէջ: Մարդիկ չեն սիրեր կաշկանդուիլ, արգելափակուիլ, կապանքուիլ: Ընդհակառա՛կը, կը սիրեն ազատ ապրիլ, ազատ մտածել եւ ազատօրէն շարժիլ, արտայայտուիլ, աշխատիլ ու ստեղծագործել: Ազատութիւնը բոլոր մարդոց անբռնաբարելի իրաւունքն է:

Ազգեր ալ, մարդոց նման, կը սիրեն` ազատ ըլլալ, անկաշկանդ ապրիլ, ազատ կերպով արտայայտուիլ եւ գործել, ազատօրէն ծրագրել իրենց ներկան ու ապագան: Գերեվարուած եւ կիսանկախ ազգեր կը պայքարին` լիովին ազատագրուելու, անկախանալու եւ դառնալու համար գերիշխան անկախ պետութիւն:

Բայց ի՞նչ կը նշանակէ ազատ ըլլալ: Ազատ ըլլալ` չի նշանակեր ընել այն, ինչ որ մէկը կ՛երեւակայէ, կը ցանկայ ընել: Սանձազատ, անսանձ եւ սանձարձակ գործելակերպը ազատութիւն չէ երբեք: Ազատութիւնը իր սահմանները ունի: Բնութեան մէջ օրէնքներ կան, որոնք եթէ չյարգուին, վնասակար եւ երբեմն աղէտաբեր կը դառնան: Օրինակ, թռչունը ազատ է թռչելու իր միջավայրին` օդին մէջ: Այն պահուն, որ փորձէ ջուրին մէջ եւ ջուրին յատակը թռչիլ, իր ազատութիւնն ու կեանքը կը կորսնցնէ: Նմանապէս, ձուկը եթէ իր միջավայրէն` ջուրէն դուրս ելլելով կեանք վարել ուզէ, վերջ կը դնէ իր ազատութեան եւ կեանքին:

Մարդոց համար ալ նոյնն է պարագան: Մարդոց ազատութիւնը սահմանափակուած է բնութեան եւ բարոյական օրէնքներով ու սկզբունքներով:

Տիեզերքն ու բնութիւնը օրէնքներու կարգապահութեամբ կը կառավարուին: Երբ այդ օրէնքները բեկանուին, արդիւնքը քաոսային եւ աղէտաբեր կը դառնայ:

Քաղաքի մը մէջ, ուր կարգապահութիւն, կարգ ու կանոն չկայ, եւ քաղաքացիներ կ՛ընեն այն, ինչ որ կը ցանկան ընել, անոնք շուտով կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնն ու ապահովութիւնը: Օրինակի համար, եթէ այդ քաղաքի ինքնաշարժներու վարիչները չյարգեն երթեւեկի օրէնքները, բազմաթիւ արկածներու եւ մահերու պատճառ կը դառնան: Կամ դպրոցի մը մէջ, եթէ ազատութեան անունով աշակերտներ մէկդի դնեն կարգապահութիւնն ու դպրոցական տիսիփլինը, այդ դպրոցը կը վերածուի անզուսպ խառնարանի մը:

Նոյնպէս  պետութեան մը մէջ սահմանադրութիւն եւ օրէնսգիրք կայ, որուն սահմանած օրէնքները եթէ չյարգուին, այդ պետութիւնը եւ անոր քաղաքացիները կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը, եւ այնտեղ կը տիրեն` անիշխանութիւնը, ապօրինութիւնը եւ կեանքի անապահովութիւնը:

Ազատութիւնը անհատներու եւ ազգերու համար առանձնաշնորհում մըն է, որուն անբաժան կ՛ընկերակցի  պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: Վերցուր պատասխանատուութիւնը մարդոց եւ ազգերու կեանքէն, անոնք կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը եւ կործանումի ճամբան կը բռնեն:

Մարդկային կեանքի գրեթէ ամէն մարզի մէջ կան գրաւոր եւ անգիր օրէնքներ ու սկզբունքներ, որոնց սահմաններու մէջ է, որ մարդիկ կ՛ապրին, կ՛աշխատին, կը ստեղծագործեն եւ կը յառաջդիմեն:  Քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը ազատութեան սահմաններու այդ ծիրէն ներս է, որ կը ծնին, կը մեծնան եւ կ՛ուռճանան:

Գիտնականը բնութեան օրէնքները յարգելով է, որ կ՛աշխատի ընդարձակել իր գիտութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ կատարել: Նոյնպէս երաժիշտը կը յարգէ ձայնն ու ներդաշնակութիւնը, կառավարող օրէնքները որուն որպէս արդիւնք` կը ստեղծագործէ եւ կ՛ընդարձակէ իր արուեստը:

Ինչպէս գիտունն ու արուեստագէտը, նոյնպէս նաեւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է գիտնայ, որ այս աշխարհի մէջ կան բարոյական եւ հոգեւոր օրէնքներ եւ սկզբունքներ, որոնց հնազանդելու ենք, որպէսզի կարենանք` ապրիլ, մեծնալ, ստեղծագործել եւ իրագործել մեր մարդկային կարողականութիւնը (potentiality):

Այո՛, ինչպէս բնութեան օրէնքները յարգելով է, որ կը վայելենք մեր ազատութիւնը, նոյնպէս բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքներ յարգելով ու կիրարկելով է, որ մեր ուղղահայեաց (առ Աստուած) եւ հորիզոնական (առ մարդ) յարաբերութիւնները կ՛իմաստաւորուին:

Վերջապէս, այս աշխարհի ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր օրէնքները պատահականութեան արդիւնք չեն եւ ոչ ալ` ինքնաբերաբար հաստատուած իրականութիւններ: Անոնց հեղինակը Աստուած Ինքն է: Ի՛նքն է, որ կը կառավարէ տիեզերքի կարգն ու կանոնը: Ինքն է նաեւ, որ մարդ արարածը ստեղծեց եւ անոր ազատ կամք ու ազատութիւն պարգեւեց: Իմաստուն մարդը այն է որ կը յարգէ տիեզերքի, բնութեան եւ աշխարհի բարոյական ու հոգեւոր օրէնքները եւ կը հպատակի անոնց ու զանոնք ստեղծող Աստուծոյ:

 

 

 

Նախորդը

Օրպանի Ցեղային Զտման Նկատմամբ «Բացարձակ Յարգանք»-ն ու Մաղթանքը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.