Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Անհրաժեշտ Է, Սակայն Գաղթականներու Վերաբերեալ Հաշուետուութիւն Պէտք Է Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Քարտին

July 6, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին շեշտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործուած յարձակումի եւ ցեղային զտման փաստը` ընդգծելով, որ գաղթականներուն վերաբերեալ պէտք է հաշուետուութիւն ըլլայ: Ան նման դիրքորոշում յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք կը հասկնանք, որ այս պահուն ձեր մեծագոյն մարտահրաւէրը դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններն են: Մենք կ՛աջակցինք այդ համաձայնութեան կայացման: Մենք կը հասկնանք, որ կան խոչընդոտներ, մենք կը հասկնանք, որ Ռուսիան բարեկամ չէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութեան գալու հարցին մէջ: Մենք կը հասկնանք միւս այն խնդիրները, որոնց հետ պէտք է գործ ունենալ», ըսաւ Քարտին:

Ծերակուտականը աւելցուց, որ տեղւոյն վրայ կը տեսնեն այն անվտանգային մարտահրաւէրները, որոնք կան Հայաստանի առջեւ:

«Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարձակումի եւ ցեղային զտման առնչուած` մենք կը հասկնանք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհրաժեշտ է, սակայն պէտք է նաեւ հաշուետուութիւն ըլլայ գաղթականներու վերաբերեալ, պէտք է ըլլայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը», ըսաւ ծերակուտականը:

Ան վստահեցուց, որ պիտի շարունակեն այս հարցերը ուշադրութեան կեդրոն պահել:

Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան հասած պատուիրակութեան ղեկավար ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր իր կարգին յայտնեց. «Ես չեմ մտաբերեր որեւէ այլ այցելութիւն, ուր այսքան ջերմ եւ քաղաքավարի ընդունելութեան արժանացած ըլլայինք, մենք իսկապէս հիացած ենք այս ընդունելութեամբ:

«Մենք կը կարծենք, որ կացութեան վերաբերեալ շատ բան գիտենք, սակայն այցելութիւնը մեզի արտօնեց շատ աւելին իմանալ: Այն, ինչ որ մենք իմացանք, անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստանը դժուար դրացնութեան մէջ կը գտնուի, մարտահրաւէրներ կան բոլոր ուղղութիւններով: Ռուսիան եւ Իրանը, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ միասին յարձակողական մօտեցում ունին աշխարհի այն հատուածին նկատմամբ, որ կը փորձէ ազատ շնչել եւ ժողովրդավարութեան մաս կազմել:

«Մենք կը հասկնանք, որ Ռուսիան շատ ներգրաւուած է այս տարածքին մէջ, Իրանն ալ անմիջական դրացնութեամբ կը գտնուի, եւ կ՛երեւի, թէ չէին ուզեր տեսնել ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն ու յառաջընթաց, զորս ունեցած են մեր հայ բարեկամները: Հիմա առաւել քան յստակ է, որ Հայաստանը կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ, կ՛ուզեն, որ անիկա ամբողջականացուի եւ ստորագրուի, ղեկավարներու շրջանակին մէջ կայ նաեւ ցանկութիւն, որ սահմանները վերաբացուին, որպէսզի մարդոց ազատ տեղաշարժ ըլլայ դրացի Թուրքիայէն, եւ խթանուի տնտեսութիւնը», ըսաւ ան:

Ծերակուտականը նշեց, որ այդ հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցութիւն տրամադրելու:

«Կ՛ուզեմ խօսք յղել մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն եւ ԵԱՀԿ-ի անդամներուն` զգուշացէ՛ք, թէ ինչի՛ կրնայ յանգեցնել Փութինի Ռուսիոյ հետ միաւորումը: Ազրպէյճանի մէջ մեր բարեկամներուն կ՛ուզեմ խորհուրդ տալ` փորձեցէ՛ք հասկնալ ազատութեան գինը: Բոլոր անոնք, որոնք Ազրպէյճանի մէջ են, զգուշացէ՛ք, որ «մեծ արջը» անգամ մը եւս չփորձէ գերիշխող դիրք գրաւել նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն նկատմամբ», ըսած է ան:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մէկ օր առաջ հաղորդեց, որ Հայաստան այցելող ամերիկեան քոնկրեսական պատուիրակութիւնը, որ կազմուած է Միացեալ Նահանգներու Հելսինքեան յանձնախումբի, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ Ծերակոյտի զինեալ ծառայութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն, մէկ օր առաջ այցելած էր հայ-ազրպէյճանական սահման, հանդիպում ունեցած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ դիտարկած Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի Ժողովրդավարութեան, Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան

Յաջորդը

«Իրանը Եղած Է, Է Եւ Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Բարեկամը. Քաղաքականութիւնը Կառավարութիւններու Փոփոխութեամբ Չի Փոխուիր» Կ՛ըսէ Դեսպան Սոպհանի

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.