Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Վեցերորդ Թիւը

July 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունիսի 25-էն համացանցային էջին վրայ տեղադրուած է «Դրօշակ»-ի 2024 թուականի 6-րդ թիւը: Բնականաբար այս թիւին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն առանցքը հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական իրադարձութիւններն են` իշխանութիւններու վարած կործանարար քաղաքականութիւնը, Հայաստանի մէջ ընթացք առած Սրբազան պայքարը, անոր արձանագրած արդիւնքներն ու շարժման ապագայի խնդիրները: Այս թեմային նուիրուած է թիւին «Առաջնորդող»-ը, իսկ Անի Մելքոնեան կ՛անդրադառնայ դաւաճան իշխանութիւններուն օրօք Հայաստանի մէջ սկիզբ առած ազատագրական պայքարի անցած ուղիին եւ անոր տարբեր փուլերուն:

Քաղաքագէտներ Վարդան Յակոբեանի եւ Սարգիս Սարգսեանի յօդուածները ընդգրկուն վերլուծութիւններ են ներկայիս աշխարհին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհայնացման եւ հակահամաշխարհայնացման հոսանքներու մեծ բախման մասին եւ Հայաստանի բախտախնդիր իշխանութիւններու մեղքով այդ բախման կիզակէտին յայտնուած Հայաստանի վտանգուած ճակատագրին:

Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան կը ներկայացնէ ներկայ օրերուն Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող շիիական մեծամասնութեան նկատմամբ իրականացուող լայնածաւալ հալածանքներուն ու ճնշումներուն պատկերը:

Իրանագէտ Նարէ Գէորգեանն ալ դրացի Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն առիթով կը ներկայացնէ այս գործընթացը եւ այն վեց թեկնածուները, որոնցմէ մէկը պիտի ղեկավարէ Հայաստանի դրացի ու բարեկամ երկիրը:

125 տարի առաջ յունիսի մէկին (նոր տոմարով` 13-ին) ծնաւ հայ արձակի անկրկնելի վարպետ Ակսէլ Բակունցը: Եղերաբախտ գրողին ապրած կեանքի ու ստեղծագործական ճանապարհի սեղմ, միաժամանակ մանրակրկիտ տարեգրութիւնը կը ներկայացնէ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը: Ասիկա հեղինակին եւ «Դրօշակ»-ին յարգանքի համեստ տուրքն է հայ արձակը գեղարուեստական նոր բարձունքներու հասցուցած մեծ հայորդիի յիշատակին:

Նախորդ տարին յոբելենական էր սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր գրական պարբերաթերթերէն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» ամսագիրին: Մշակութաբան Մովսէս Ծիրանին կ՛անդրադառնայ «Բագին»-ի 60-ամեակին` յատկապէս լուսարձակի տակ բերելով «Բագին»-ին ու Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականութեան հետ կապը: Իբրեւ այդ ժամանակի եւ շօշափուող իրադարձութիւններու գործուն դերակատար` հեղինակը մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ յատկապէս «Բագին»-ի եւ հայաստանեան մտաւորականութեան կապը խորհրդային երկաթեայ վարագոյրներու պայմաններուն մէջ:

ՀՅԴ պաշտօնաթերթի մէջ այս անգամ զգալի տեղ գրաւած մշակութային հատուածի ուշագրաւ նիւթերուն շարքին է նաեւ գրող, հրապարակախօս եւ ճարտարապետ Վրէժ Արմէնի կողմէ Աշոտ Գրիգորեանի «Հայ քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը եւ նախաքրիստոնէական մշակոյթի ներգործութիւնը» հետաքրքրական գիրքի ներկայացումը հայ ընթերցողին, ոլորտով հետաքրքրուող լայն շրջանակներու:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը ընթերցելու համար կարելի է այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/06/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-6-2024%D5%A9.pdf

Նախորդը

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 29-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդ. Սրբազան Պայքարի Մեր Կամաւոր Բանակը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.