Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Անգլիա Փրկուեցաւ

July 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եուրօ 2024-ի անակնկալները քիչ մնաց շարունակուէին, երբ 2020-ի ախոյեան Իտալիոյ ետեւէն փոխախոյեան Անգլիա կ՛ուղղուէր դուրս, բայց Ճուտ Պելինկհամ 95-րդ վայրկեանին փրկեց կացութիւնը:

Մրցումը շատ արագ սկսաւ Սլովաքիան, որ ըստ երեւոյթին կանուխ կոլ նշանակել կ՛ուզէր: Անգլիացիք ֆաուլերով փորձեցին հանդարտեցնել կացութիւնը, բայց 7 վայրկեանի ընթացքին արդէն 2 դեղին քարտեր ստացած էին Մարք Կէօհի (որ պիտի բացակայի Զուիցերիոյ դէմ մրցումէն) եւ Պուքայօ Սաքա: 17-րդ վայրկեանին Ճուտ Պելինկհամ իր կարգին դեղին քարտ ստացաւ:

25-րդ վայրկեանին գեղեցիկ խմբային խաղերէ եւ փոխանցումներէ ետք Սլաւիա Փրակայի յառաջապահ Իվան Շրանց նշանակեց Եուրոյի իր 3-րդ կոլը:

Մինչեւ կիսախաղ Անգլիա տիրապետած էր գնդակին, բայց լուրջ վտանգ չկար Սլովաքիոյ բերդապահ Մարթին Տուպրավքայի բերդին վրայ:

Բ. կիսախաղին 5 վայրկեան եղած էր, երբ Քիրըն Թրիփիէ ձախ կողմէն յարձակում մը կատարեց դէպի կեդրոն` փոխանցելով Ֆիլ Ֆոտընի, որ նշանակեց Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը: Տօնակատարութիւնները կ՛աւարտէին, երբ ՎԱՐ-ի իրաւարարները յայտնեցին, թէ Ֆիլ Ֆորըն օֆսայտի դիրքի վրայ կը գտնուէր:

55-րդ վայրկեանին, Սլովան Պրաթիսլաւայի յառաջապահ Տաւիտ Սթրելեչ հեռուէն ռմբային հարուածով փորձեց գրաւել Ճորտըն Փիքֆորտի բերդը, բայց գնդակը բերդի աջ սիւնին քովէն դուրս ուղղուեցաւ:

78-րդ վայրկեանին Ֆոտընի օվըրէն ետք, ազատ հարուածի վրայ, Հերի Քէյն տուաւ գլխու հարուած մը, որ անցաւ Տուպրովքայի ձախ սիւնին քովէն:

81-րդ վայրկեանին, Արսենալի միջնապահ Տեքլան Ռայս մօտ 20 մեթրէն ուժգին հարուածով մը գնդակը դպցուց Սլովաքիոյ բերդի ձախ սիւնին: Թուրք իրաւարարը 6 վայրկեան յաւելեալ ժամանակ յայտարարեց 90-րդ վայրկեանին, եւ Սլովաքիա Զուիցերիոյ նման անակնկալի ճամբուն վրայ էր, երբ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Պելինկհամ մկրատային հարուածով մը նշանակեց Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը 95-րդ վայրկեանին:

Յստակ էր, որ այս կոլէն ետք դժուար պիտի ըլլար Սլովաքիոյ դիմադրել, որովհետեւ ունէր մեծ թիւով 30 տարեկանը անցած մարզիկներ, որոնք բաւական յոգնած էին արագ հակայարձակումներ կատարելով:

Բնական ժամանակը աւարտելէ ետք 1-1 հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ երկարաձգումի:

Առաջին վայրկեանէն իսկ, Թոնիի գլխու փոխանցումէն օգտուելով Պայերն Միւնիխի կոլ-սքորըր Հերի Հէյն նշանակեց 2-րդ կոլը: Այս կոլէն ետք Անգլիա պաշտպանողականի անցաւ, մինչ Սլովաքիա յարձակումի վերադարձաւ: Փիթըր Փեքարիք 105-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք, զօրաւոր հարուած մը ուղղեց դէպի Անգլիոյ բերդը, բայց գնդակը անցաւ բերդին մօտէն:

118-րդ վայրկեանին Սլովաքիա առիթ ունեցաւ հաւասարելու, բայց յառաջապահ մը բերդէն 1 մեթր հեռու չկրցաւ արագ գնդակը ուղղել բերդին մէջ եւ շատ բարձր գնաց` Սլովաքիոյ յոյսերն ալ հետը թաղելով:

Այսպիսով, Անգլիա հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ, շաբաթ օր ժամը 19:00-ին, Տիւսելտորֆի դաշտին վրայ:

Աւելի ուշ, Սպանիա 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Վրաստանի դէմ:

Վրաստան անակնկալի բերաւ Սպանիան` նշանակելով առաջին կոլը, երբ 18-րդ վայրկեանին Օթար Քիթէյշվիլիի փոխանցումը դէպի Քվիչա Քվարացխելիա ընդմիջուեցաւ սպանացի Ռոպին Լը Նորմանտի կողմէ, որ սխալմամբ նշանակեց իր բերդին մէջ: Ասիկա Եուրօ 2024-ի 8-րդ սխալմամբ նշանակած կոլը հանդիսացաւ:

4 վայրկեան ետք, Ֆապիան Ռուիսի հարուածը զսպեց Ճիորճի Մամարտաշվիլի, որ ընտրուած էր Ա. հանգրուանի լաւագոյն բերդապահներէն:

39-րդ վայրկեանին, Նիքօ Ուիլիամսի խելացի փոխանցումէն ետք, Ռոտրի զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Սպանիոյ հաւասարութեան կոլը: Մամարտաշվիլի, որ Նիքօ Ուիլիամսի եւ Քուքուրելլայի հարուածները զսպած էր, չկրցաւ Ռոտրիի հարուածը կանուխէն տեսնել: ՎԱՐ-ի ստուգումէն ետք կասկած չկար օֆսայտի:

Բ. կիսախաղին, Քվարացխելիա, որ Նափոլիի համակիրներուն մօտ կը կոչուի «Քվարատոնա», մեծ քառակուսիէն բաւական հեռու ըլլալով ուժգին հարուած մը տուաւ, որ Սպանիոյ բերդին ձախ անկիւնին շատ մօտէն անցաւ:

2 վայրկեան ետք` 51-րդ վայրկեանին, Լամին Եամալի ազատ հարուածէն ետք, Մամարտաշվիլի լաւապէս զսպեց հարուածը, որ աւելի ուշ հասաւ Եամալի, որ օդէն փոխանցեց Ռուիսի, որ գլխու հարուածով նշանակեց Սպանիոյ 2-րդ կոլը:

75-րդ վայրկեանին Նիքօ Ուիլիամս անհատական վարպետութեամբ կոլ մը նշանակեց եւ քառակուսիէն ներս օդէն հարուածեց Մամարտաշվիլիի վրայէն, որ իր կարգին «դիտեց» գնդակին կոլի վերածուիլը:

83-րդ վայրկեանին Օյարսապալի փոխանցումէն օգտուելով Տանի Օլմօ գնդակը զետեղեց ձախ անկիւնէն ներս` նկատելով, որ վրացի բերդապահը յառաջացած է իր բերդէն: 4-րդ կոլէն ետք մասնաւոր բան չպատահեցաւ, եւ Սպանիա հասաւ քառորդ աւարտական, ուր ուրբաթ օր ժամը 19:00-ին պիտի մրցի հիւրընկալ Գերմանիոյ դէմ, Շթութկարթի դաշտին վրայ:

Այսօր Միւնիխի Ալիանց Արենայի դաշտին վրայ, ժամը 19:00-ին, Ռումանիա պիտի մրցի Նետերլանտներուն դէմ:

Վերջին անգամ Ռումանիա 2007-ին յաջողած է պարտութեան մատնել Նետերլանտները, այնուհետեւ երեք առիթներով Նետերլանտնէր շատ հանգիստ յաղթանակներ տարած են Ռումանիոյ դէմ, վերջինը` 2017-ին (3-0): Մրցումը պիտի ղեկավարէ գերմանացի իրաւարար Ֆելիք Ցվայըր:

Աւելի ուշ, ժամը 22:00-ին, Աւստրիա պիտի մրցի Թուրքիոյ դէմ: Լայփցիկի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումէն պիտի բացակային աւստրիացի Կերնօ Թրոներ (վիրաւոր) եւ Փաթրիք Վիմըր (կախակայուած), մինչ թուրքեր Աքայտըն եւ Չալհանօղլու 2 դեղին քարտեր ստացած են եւ կախակայուած:

Երկու խումբերը 26 մարտին մրցեցան իրար դէմ, ուր Աւստրիա 6-1 արդիւնքով ջախջախեց թուրքերը: Յոյսով, որ այս արդիւնքը կրկնուի այսօր ալ:

 

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրիոյ Կրան Փրին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Սպանիա

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.