Երէկ Քոփա Ամերիքայի մրցումները շարունակուեցան, եւ Բ. խմբակի վերջին մրցումին, Մեքսիքա տիրապետելէ ետք Էքուատորի վրայ, չկրցաւ կոլ նշանակել եւ դուրս մնաց` գրաւելէ ետք 3-րդ դիրքը:
Ժամայքայի դէմ միայն 1 կոլ նշանակած եւ Վենեզուելայէն 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած Մեքսիքա 3 մրցումներու ընթացքին 1 կոլ նշանակեց եւ 1 կոլ ստացաւ:
Էքուատոր 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Ժամայքային եւ 2-1 արդիւնքով պարտուած Վենեզուելայէն, եւ աւելի լաւ կոլ-էվըրէյճ ունենալուն շնորհիւ հասաւ քառորդ աւարտական:
Վենեզուելա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ժամայքային` շնորհիւ Պելլոյի, Ռոնտոնի եւ Ռամիրեսի կոլերուն, արձանագրելով իր 3-րդ յաղթանակը:


