Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

July 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պհամտունի «Ամին Ապտէլնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը (20 տարեկանէն վար) 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Տապըլ Քիքի դէմ:

Պէտք է ըսել, որ տղաքը շատ լաւ խմբային խաղ կը կիրարկեն, եւ հակառակ կարճ ժամանակի մէջ խումբի կազմուելուն, անոր անդամները շատ հանգիստ կը խաղան իրարու հետ դիւրին ֆութպոլ:

Մարզիչ Գէորգ Բարսեղեան 3-5-2 խաղաձեւով դաշտ ներկայացաւ, եւ առաջին կոլը նշանակելէ ետք շնորհիւ Փոլ Քաճոյեանի, 4-3-3-ի փոխուեցաւ խաղաձեւը, ձեւ մը, որ աւելի յարձակողական սկսաւ ըլլալ: Կիսախաղէն առաջ, Փոլ նշանակեց իր եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը:

55-րդ վայրկեանին, Մայք Մարսուվանեան փոխարինեց Արամ Ճեմեզեանը, իսկ Սէրուժ Թերզեան փոխարինեց Արէն Պապիկեանը: Աւելի ուշ, Կարօ Ներկարարեան եւ Սագօ Տեմիրճեան փոխարինեցին Սերժ Ղալիունճեանն ու Յովիկ Տիշչեքենեանը:

5-րդ եւ վերջին փոխարինումին դաշտ ներկայացաւ Ճէյսըն Քութենեան, որ փոխարինեց Կարօտ Պետիրեանը:

Բ. կիսախաղին Կարօ Ներկարարեան 2 կոլ նշանակեց, եւ պէտք է ըսել, որ պահեստի մարզիկներ Մայք Մարսուվանեան, Սէրուժ Թերզեան, Կարօ եւ Սագօ եւ Ճէյսըն բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան, եւ նոյնքան լաւ էին իրենց փոխարինած հիմնական տղաքը:

Նշենք, որ Տապըլ Քիք իր միակ կոլը նշանակեց փենալթիով:

Մօտ 50 համակիրներ դաշտ ներկայացած էին քաջալերելու տղաքը, եւ յաջորդ մրցումներուն այդ թիւը պէտք է բազմանայ` քաջալերելու մեր ապագայի ՀՄԸՄ-ական մարզական բանակը:

 

 

Նախորդը

Եուրօ 2024. Իտալիա Դուրս Մնաց, Գերմանիա Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.