Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Փոփոխութիւններ` «Էն.Պի.Էյ.»-ի Մարզիկներու Եւ Խումբերու Միջեւ

July 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն.Պի.Էյ.»-ի տարեշրջանը աւարտեցաւ 2 շաբաթ առաջ, երբ Պոսթըն Սելթիքս դարձաւ ախոյեան 18-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ)` եւ այժմ յուլիսին կը սկսին մարզիկներու եւ խումբերու միջեւ փոխարինումները:

Տրաֆթի պայմանագրութիւններն ալ աւարտեցան, ուր 58 նոր մարզիկներ միացան «Էն.Պի.Էյ.»-ի ակումբներուն, մեծ մասը համալսարաններէն եւ քանի մը հատ ալ Եւրոպայէն:

Թիւ 1 տրաֆթ մարզիկը եղաւ ֆրանսացի Զաքարի Ռիզաշէ, որ միացաւ Աթլանթա Հոքսին, մինչ թիւ 2 տրաֆթ մարզիկը այլ ֆրանսացի մըն է` Ալեքս Սարր, որ կ՛ուսանէր Միացեալ Նահանգներ եւ որ միացաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի: Թիւ 3 տրաֆթ Ռիտ Շեփըրտ միացաւ Հիւսթըն Ռոքեթցի, իսկ թիւ 4 Սթեֆըն Քասըլ միացաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի: Ճի. Լիկի Իկնայթ խումբը, որ պիտի մասնակցի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան, իրմէ Ռոն Հալընտը փոխանցեց «Էն.Պի.Էյ.»-ի Տիթրոյիթ Փիսթընզին: 3-րդ ֆրանսաի մարզիկը, որ միացաւ «Էն.Պի.Էյ.»-ի խումբի մը, եղաւ Թիճան Սալոն, որ միացաւ Չարլոթ Տորնեթցին: Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ ձեռք ձգեց Հոնավըն Քլինկընը, մինչ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ձեռք ձգեց Ռոպ Տիլինկհեմը եւ անմիջապէս փոխանցեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:

Մեմֆիս Կրիզլիզ ձեռք ձգեց Զեք Էտին, մինչ Քոլորատոյի լաւագոյն մարզիկը` Քոտի Ուիլիամս, միացաւ Եութա Ճեզին:

Պրուս Պրաուն լքելէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզը, միացաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին, մինչ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կը փորձէ պահել Քրիս Փոլը տարի մը եւս: Փոլ, որ 30 միլիոն տոլար կը պահանջէ 2024-2025 տարեշրջանին համար, խորհրդակցութիւններու մէջ է այլ խումբերու հետ ալ, եթէ Ուորիըրզի հետ համաձայնութիւն չըլլայ:

Մինչ այդ, Ուորիըրզի պատմական շութինկ-կարտ Քլէյ Թոմփսըն, որ լքեց Կոլտըն-Սթէյթը, հաւանաբար միանայ Տալաս Մեւրիքսին, մանաւանդ որ Թիմ Հարտըուէյի դէպի Տիթրոյիթ փոխադրուելու «նիւթ կայ»:

Այլ շութինկ կարտ մը` Քենթայվիըս Քալտուել-փոփ, որ երկու անգամ «Էն.Պի.Էյ.»-ի ախոյեան դարձած է 2020-ին (Լէյքըրզի հետ) եւ 2023-ին (Տենվըրի հետ), հաւանական է, որ միանայ Տալաս Մեւրիքսին` լքելով Տենվըր Նակեթցը:

Փոփ (31 տարեկան) նախապէս համաձայնութիւն յայտնած էր միանալու Տալասին, եթէ նոր պայմանագրութեան գծով չհամաձայնի Տենվըրի հետ:

Նախորդը

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին Եւ Քանատա Հասան Քառորդ Աւարտական

Յաջորդը

Աթլեթիզմ. Էլլատա Ալավերտեան` Արծաթէ Մետալակիր

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.