Միացեալ Նահանգներ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւն կը տեսնեն, Պաքուի մէջ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն: Ան Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի, անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի եւ յատուկ ծրագիրներու խորհրդականի հետ:
Ճէյմս Օ՛Պրայըն նշած է, որ եթէ հաշուի առնենք, թէ ինչպէ՛ս վերջին տարիներու իրադարձութիւնները նպաստած են, որ Ազրպէյճանը առանցքային դեր խաղայ շրջանի քաղաքականութեան վերափոխման գործին մէջ, ապա պիտի տեսնենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու կարեւոր պահը:
«Սա ճանապարհ է, որ թոյլ կու տայ ե՛ւ լուծել երկարամեայ վէճը երկիրներուն միջեւ, ե՛ւ ապագային խաղաղ դրացնութիւն հաստատել», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորումը պայմաններ պիտի ստեղծի Կեդրոնական Ասիայէն Ազրպէյճանով, իսկ այնտեղէն Վրաստանի ու Հայաստանի տարածքով բեռները համաշխարհային շուկաներ տեղափոխելու համար:
«Սա օգուտ պիտի բերէ իւրաքանչիւր երկրի եւ աւելի մեծ տնտեսական կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ տարանցիկ երկիրներու համար: Մենք կը քննարկենք այս ուղղութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը, եւ երկու կողմերն ալ կ՛ըսեն, որ շատ շահագրգռուած են, որ ատիկա իրականացուի», ըսած է ան, ըստ էութեան, նկատել տալով Ռուսիոյ տարածքը շրջանցող ուղիներու կարեւորութիւնը:


