Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնն Ու ԵԱՏՄ-ն Անհամատեղելի Են. Օվերչուք. «Արտաշրջանային Դերակատարներու Հայաստան Մուտքը Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

June 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնն ու ԵԱՏՄ-ն անհամատեղելի են, եւ արտաշրջանային դերակատարներու Հայաստան մուտքը հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» միջազգային գիտափորձագիտական 10-րդ խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

Անոր համաձայն, Հայաստանի քաղաքական ուղղուածութիւնը հետզհետէ աւելի դէպի Արեւմուտք կը թեքի:

«Այնպիսի կէս-կատակ կայ, որ Նիկոլ Վովայեւիչը հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութեան ե՞րբ պիտի անդամակցէր, եթէ կարելիութիւն ունենար առանձին ընտրել, Փաշինեան կատակած է` այս տարի: Նաեւ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու շուրջ», յիշեցուցած է Օվերչուք:

Ան նաեւ մատնանշած է հայ հասարակութեան որոշակի դժգոհութիւնները Ռուսիոյ նկատմամբ:

«Յամենայն դէպս, նման տեսակէտ կայ, եւ ատիկա պէտք է հասկնալ: Սակայն պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու ԵԱՏՄ-ն անհամատեղելի են: Այն օգուտները, որ երկիր մը Ռուսիոյ հետ մերձեցումէն կը ստանայ, պէտք է ընկալել իբրեւ վճար, որ մենք կու տանք մեր անվտանգութեան եւ ռազմավարական խորութեան համար:

«Հետեւաբար, արտաշրջանային խաղացողներու այնտեղ գալը ի հարկէ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մենք այստեղ նուէրներ չենք բաժներ: Մենք շահագրգռուած ենք կայուն Հայաստանով, լաւ առեւտրական յարաբերութիւններով, լաւ եղբայրական յարաբերութիւններով», ըսած է Օվերչուք:

Նախորդը

Միրզոյեան Ու Ֆիտանը Քննարկեցին Հայստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Յաջորդը

Տունը Հաճելի Եւ Հիւրընկալ Դարձնելու Պարզ Միջոցներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.