Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Սիրան Մանուկեան« Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

June 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգ.  Ե. Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիսին, վարժարանին շրջափակին մէջ: Հանդէսին ներկայ էին, Ազգային վարչութեան եւ ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդէսին բացման խօսքը կատարեցին Ծաղիկ դասարանէն քանի մը աշակերտներ, որոնք հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով ներկաներուն ներկայացուցին իրենց հանդէսին թեման` «Մեր արեւը անմար է» (նուիրուած` Արցախի)` մաղթելով, որ ներկաները հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցընեն իրենց հետ:

Բեմին ճակատը կանգնած Արցախի խորհրդանիշ «Մամիկն ու Պապիկը» տխրութեամբ «խօսեցան» իրենց երկրին մասին, որ ներկայիս զրկուած է իր մանուկներուն ուրախ կանչերէն ու երգերէն` սպասելով անոնց վերադարձին: Ապա բեմին վրայ գտնուող փոքրիկները մէկ առ մէկ յայտարարեցին, թէ ապագային ինչ կ՛ուզեն ըլլալ: Բոլորին ալ փափաքները կը դառնային Հայաստանի ու Արցախի շուրջ: Ապա, ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հարուածային նուագարաններու վրայ նուագ մը, որուն յաջորդեցին Գ. Էմինի «Պարեց Սասուն» խմբային ասմունքն ու «Հայաստան» խանդավառ պարը: Կոկոն դասարանի փոքրիկները եւս ներկայացուցին  նուագ մը, որուն յաջորդեց Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աղջիկներուն «Արեւի» պարը: Յայտագիրը շարունակուեցաւ երկու խմբերգով, ապա` «Ելանք գացինք սարերը» երգ-պարով, որ ներկայացուեցաւ Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններուն կողմէ: Անոր յաջորդեց երաժշտակշռութային հետաքրքրական  ներկայացումը: «Բնութեան զարթօնք»-ը ներկայացուեցաւ «ձեռքերու» երգչախումբին կողմէ: Ապա մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին «Բերդ» պարը: Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ «Հայ եմ» խմբերգով, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ վարժարանի նախակրթարանի երգչախումբը:

Մանկապարտիզպանուհի Զապէլ Փաջանեան-Սալլում,  ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ամփոփ կերպով ներկայացուց «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի 2023-2024 տարեշրջանի աշխատանքներն ու իրագործումները:

Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունին, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացած են վարժարանին: Ան մաղթեց, որ աշակերտները իրականացնեն բեմին վրայ իրենց իսկ բերնով արտասանուած երազները` թեւ ու թիկունք դառնալով հայրենիքին ու Արցախին, որուն շուրջ դարձած էր հանդէսին ամբողջ բնաբանը: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, որուն  ջանքերով պատրաստուած էր գեղեցիկ հանդէսը:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Արտաւազդ   վրդ. Շառոյեանը, որ յանձնէ շրջանաւարտներուն դպրոցական կեանքի առաջին վկայականները: Աւարտին հայր սուրբը արտասանեց իր սրտի խօսքը` շեշտը դնելով հայ վարժարանին մէջ փոքրիկներուն ստացած ազգային դաստիարակութեան վրայ, որուն շօշափելի արդիւնքը տեսնուեցաւ արդէն հանդէսին մէջ: Հանդէսը վերջ գտաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով:

Հայր սուրբին ձեռամբ վկայական ստացան.- Գրիգոր Չիւրիւքեան, Դալիա Ապուսէֆեան, Կայէլ Պէրպէրեան, Կայէլ Ֆարասեան, Հրակ Ունճեան, Հրանդ Հաւանճեան, Մայք Հաճի Աւետիքեան, Մերի Արսլանեան, Նժդեհ Մարկոսեան, Նժդեհ Մեթիլեան, Շարպէլ Ապու ԶԷյտ, Քալիսի Քէհեայեան:

Նախորդը

«Ֆայհա Կ՛երգէ Հայերէն» Խորագիրով Համերգ Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Մանկապարտէզի Վկայականց Բաշխում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.