Ռուսիան շահագրգռուած է խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասով եւ պատրաստ է նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին ռուս-ազրպէյճանական փորձագիտական խորհուրդի հինգերորդ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով:
«Ռուսիան շահագրգռուած է խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասով եւ պատրաստ է նպաստելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Ռուսական կողմը համոզուած է, որ արտաքին ուժերու շրջանային գործերուն միջամտութիւնը անընդունելի է, եւ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին եւ կրնան լուծուիլ շրջանի պետութիւններուն կողմէ», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:


