Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երկակի Իրաւունքներ

June 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի կողմէ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու որոշումը կը դիտարկուի միջազգային ընտանիքին մէջ արծարծուող երկու պետութիւն բանաձեւի շրջանակներուն մէջ:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կան բաղադրիչներ, որոնք կ՛ընդգծեն կողմերուն նկատմամբ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնի գործադրութիւնը: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը  դատապարտելը կամ այս վերջիններուն ազատ արձակումը պահանջելը հակամարտող երկու կողմերուն կրնայ ուղղուած ըլլալ:

Անյապաղ զինադուլի հաստատման պահանջը, որ օրինաչափ պահանջ է, անշուշտ երկկողմանի մեկնաբանութիւն կրնայ ստանալ: Խնդիրը զինադուլի պայմաններուն շուրջ անհամաձայնութիւնն է, եւ իւրաքանչիւր կողմ դիմացինին վրայ կը տեղադրէ զինադուլին չհամաձայնելու պատասխանատուութիւնը: Ի դէպ, Միացեալ Նահանգները Թել Աւիւին վրայ ճնշում բանեցնելով հանդերձ Համասը նկատեցին պատասխանատու զինադուլին պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւնը ուշացնելու առումով:

Երկու պետութիւն բանաձեւին նկատմամբ համաձայնութիւն յայտնելով` Երեւանը անհրաժեշտ նկատած է, որ այս բանաձեւի իրականացումը առիթ կու տայ, որ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերը հաւասարապէս հասնին իրենց օրինական պահանջներուն:

Ամէնէն դիտարժանը հաղորդագրութեան եզրակացութիւնն է. «Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը  ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը»:

Եթէ պահ մը շրջանցենք առիթը, ապա այս ձեւակերպումները կարելի էր տալ Արցախի նկատմամբ, ընդգծելով միջազգային իրաւունքի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը: Երեւանը այդ սկզբունքներու կիրարկումը չէր ուզած տեսնել, երբ հայկական կողմը ներկայացնողը կ՛ընդունէր Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:

Վերը նշուածները կրնային վերաբերիլ Ազրպէյճանին, բռնութիւններ իրականացնելու, քաղաքացիներ պահելու-գերեվարելու- պատանդառելու առումով: Եւ մանաւանդ միջազգային իրաւունքը ոտնահարելու փաստերով:

Հիմա գանք կողմերուն միջեւ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու կանոնին: Կողմերէն պաղեստինեանը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին կամ չդատապարտեց Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Միւս կողմը` Իսրայէլը խորացուց իր ռազմական գործակցութիւնը Պաքուի հետ, մասնակցութիւն ունեցաւ պատերազմին  եւ իր ռազմական յենակէտերը տեղադրեց հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ: Այս բոլորով նպաստեց Արցախի ամբողջական հայաթափումին:

Հաւասար հեռաւորութեան կանոնը չ՛արդարացուիր: Սակայն պէտք է ընկալել այն, որ ճանաչումը ինքնին կը խախտէ հաւասարութեան կանոնը, այն պատճառով, որ Իսրայէլ դէմ է երկու պետութիւն բանաձեւին: Այս բանաձեւը միջազգային հնչեղութիւն կ՛ունենայ հետզհետէ: Երանգային տարբերութիւնը այն է, որ պետութիւններ կ՛առաջադրեն երկու պետութիւն բանաձեւը, սակայն պաշտօնապէս չեն ճանչնար տակաւին պաղեստինեան պետութիւնը:

Յիշենք, որ պաղեստինեան պետութիւնը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին: Չդատապարտեց նաեւ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Իսրայէլը սակայն ուղղակի մասնակցեցաւ պատերազմին, իբրեւ Ազրպէյճանի ռազմական գործընկերը եւ հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ տեղադրեց ռազմական յենակէտեր:

Միջազգային իրաւունքի այն բոլոր կէտերն ու դրոյթները, որոնք տեղ գտած են Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, սկզբունքով կիրարկելի էին Արցախի պարագային:

Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ «երկու պետութիւն» բանաձեւի ընդունման կամ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումի պարագաներուն: Ի վերջոյ երկու պետութիւնը կամ ճանչցուող պետութիւնը հիմնուած է ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Միջազգային իրաւունքի սկզբունք մը, որ Արցախի պարագային շրջանցուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ. ցաւօք նաեւ հայկական կողմէն:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ճանչցաւ Պաղեստինի Պետութիւնը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 159-ի Լուծում

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.