Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Եւ Սպանիա Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եւ Շրջանին Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ուղղեն

June 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադարի հաստատումը բոլոր ճակատներուն վրայ մագլցումը զսպելու միակ ուղին է:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես իր կարգին ողջունեց Քաթարի` գերիներու փոխանակման գործարքի կնքման համար թափած միջնորդական աշխատանքը, եւ շեշտեց, որ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է նոյն արժեչափերը կիրարկել:

Քաթարի վարչապետը Մատրիտի մէջ Սպանիոյ եւ Քաթարի միջեւ ռազմավարական առաջին երկխօսութեան նիստի աւարտէն ետք Ալպարեսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ պետութիւնները «երկու պետութիւն» լուծումին աջակցելու համար քայլեր պէտք է կատարեն` նշելով, որ Սպանիոյ կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը պատմական շատ կարեւոր քայլ է:

Ան ըսաւ, որ միացեալ աշխատանքը Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ տագնապներու հետեւանքներէն խուսափելու լաւագոյն միջոցն է: Ան միեւնոյն ժամանակ մերժեց երկակի չափանիշներու կիրարկումը` նշելով, որ օրէնքի գերակայութիւնը պէտք է բոլորին վրայ գործադրուի:

Քաթարի վարչապետը յայտնեց, որ իր երկիրը յոյսը կը դնէ իր գործընկերներուն վրայ, որպէսզի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական հոլովոյթ սկսելու պէտք եղած բոլոր ճնշումները գործադրեն:

Ան նշեց, որ Քաթար շարունակ կ՛աշխատի զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ու կալանաւորուածներու վերադարձի համաձայնութեան համար:

Սպանական դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ գումարելու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան խորհրդաժողով մը, որ կը յանգեցնէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման:

Ան նշեց, որ իր երկիրը իր գործընկերներուն հետ կ՛աշխատի հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:

Ալպարես «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իր երկիրը Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցած է` մեկնելով արդարութենէն, խաղաղութեան համար եւ մարդասիրական դրդապատճառներով:

Ան նշեց, որ Սպանիան երկու պետութիւն լուծման կը զօրակցի եւ կը ճանչնայ Իսրայէլի` ինքզինք ահաբեկչական յարձակումներէն պաշտպանելու իրաւունքը:

«Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը անհրաժեշտ է, եւ կարելի եղած ջանքը պիտի թափենք միջազգային օրէնքին զօրակցելու համար», ըսաւ ան` շեշտելով, որ քաղաքայիններուն եւ զինեալներուն միջեւ խտրութիւն չդնելը պէտք չէ արտօնել: Ան նաեւ դատապարտեց քաղաքային ենթակառոյցներու քանդումն ու օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը արգիլելը:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Այսրյորդանանի մէջ ապօրինի բնակեցման վայրեր կան, եւ կոչ ուղղեց` այդտեղ բնակեցումը դադրեցնելու:

«Մեր գործընկերներուն հետ կ՛աշխատինք հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումը նուազեցնելու համար, եւ ատիկա Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու յաւելեալ պատճառ մըն է: Կարելի չէ Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան շրջանակի ընդլայնումը արտօնել», ըսաւ Ալպարես:

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է. «Իսրայէլացիները տակաւին Համաս շարժումը ոչնչացնելու իրենց նպատակին իրագործման մօտ չեն»:

«Տակաւին հարիւրաւոր զինեալներ եւ մղոններով չբացայայտուած փապուղիներ կան, եւ շարժումի ղեկավար Եահիա Սընուարը ազատութեան մէջ է», շեշտած է պաշտօնատարը:

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի 68-րդ Լսարան. Գիտական Հարցախոյզերու Արդիւնքները Կրնան Ուղենիշ Դառնալ Սփիւռքեան Տարբեր Կառոյցներու Եւ Հարթակներու Ծրագրաւորումներուն

Յաջորդը

Պլինքըն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հըզպալլայի Հետ Մագլցումէն Խուսափելու

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.