Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիֆ. «Պատերազմէն Ետք Համասը Իշխանութենէն Հեռացնելը Դժուար Պիտի Ըլլայ»

June 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երեքշաբթի օր Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցած է Համաս շարժումի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

Աղբիւրները աւելցուցին, որ հանդիպումը Կազայի մէջ զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ բեկում յառաջացնելու Տոհայի շարունակուող ջանքերուն ծիրին մէջ է:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ միջնորդներուն հետ աշխատիլ զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ բացերը կամրջելու համար, սակայն որոշումը Համասինն է, որ, ըստ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին, կը շարունակէ իր պահանջներուն նշաձողը բարձրացնել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ իր կարգին Քոնկրեսի մէջ լսումի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն իր գլխաւոր գործընկերներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի իրենց կարելին ընեն Համասը մղելու զինադադարի առաջարկը ընդունելու:

Ան նշեց, որ քաթարեան միջնորդութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ քաթարցի միջնորդները անդադար աշխատեցան Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման համար: «7 հոկտեմբերէն ետք աշխարհը հասկցաւ, որ Քաթարը իրապէս միջնորդութեան կենսական ուղի է», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Քաթարական միջնորդութիւնը մեր շահերուն եւ Իսրայէլի շահերուն համար չափազանց կարեւոր է, եւ անիկա Միացեալ Նահանգներու համար մեծապէս վստահելի գործընկեր դարձաւ»:

Լիֆ աւելցուց, որ իր երկիրը կը ջանայ աւարտել տագնապը եւ թէ՛ իսրայէլացիներուն, թէ՛ պաղեստինցիներուն համար մնայուն անվտանգութեան պայմաններ ստեղծել:

«Պատերազմէն ետք Համասը իշխանութենէն հեռացնելը դժուար պիտի ըլլայ», նշեց Լիֆ` ընդգծելով. «Համասի ոչնչացումը միայն զինուորական միջոցներով պիտի չըլլայ»:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Հիւսիսային Քորէայի Միջեւ Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան Համաձայնագիր

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ասիական Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուց Հարաւի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Պատճառած Վնասները

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.