Հըզպալլան երէկ յայտարարեց, որ առ ի զօրակցութիւն Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին ու դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ ի հակադարձութիւն հարաւային Լիբանանի Ժուայա գիւղին մէջ իսրայէլեան ուժերու կողմէ իր մարտական հրամանատարներէն Թալեպ Սամի Ապտալլայի ահաբեկման, հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու շարք մը գործած է:
Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» եւ «Ֆալաք 6» հրթիռներով հարուածած է Զաաուրայի մէջ իսրայէլեան հրետանիներու դիրքերը, Քիահ եւ Եոաւ զօրանոցները, «Քացավիա» ռազմակայանը, Պէյթ Հալալի մէջ «Սահլ» զօրամասը, Նաֆահ ռազմակայանը: Միեւնոյն ժամանակ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է հիւսիսային շրջանին մէջ իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոնատեղի «Տաւիտ» ռազմակայանին, հիւսիսային շրջանին մէջ հետախուզութեան գլխաւոր կեդրոն «Միշար» ռազմակայանին, որ պատասխանատու է ահաբեկումներուն, ինչպէս նաեւ Կոլանի 210 խումբի զրահապատներու 7-րդ զօրամասի հրամանատարութեան կեդրոն «Քացավիա» զօրանոցին վրայ, եւ զանոնք ճշգրիտ կերպով հարուածած:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն հրթիռային յարձակումին պատճառով Կոլանի եւ Գալիլիոյ 15 վայրերու մէջ հրդեհներ ծագած են:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Այսօր հիւսիսի մէջ իսրայէլեան բանակի 15 ռազմակայաններ Հըզպալլայի կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան»:
Իսրայէլեան կառավարութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանն ու Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլան կը կրեն սահմանի երկայնքին անվտանգութեան կացութեան վատթարացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:
Կառավարութիւնը նաեւ յայտնեց. «Հիւսիսային սահմաններուն վրայ անվտանգութիւնը պիտի վերականգնենք դիւանագիտութեան կամ այլ ճամբով»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տաւիտ Մինսեր իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ Հըզպալլայի բոլոր յարձակումներուն»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ջանք կը թափենք արգիլելու, որ լիբանանեան սահմանին վրայ կացութիւնը լայնածաւալ պատերազմի վերածուի»:
«Մեծապէս մտահոգուած ենք Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ կացութեան մագլցումով», նշած է պաշտօնատարը:


