Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՊԿ-ն Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ 2024-ի Ամավարկը, Որովհետեւ Հայաստանը Կը Մերժէ Վճարել Հաշուարկուած Վճարը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

June 11, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը մերժած է վճարել հաշուարկուած վճարումը, պէտք է ՀԱՊԿ-ի ընթացիկ տարուան ամավարկի ճշգրտում կատարել: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Այժմ կը մշակուի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումի համապատասխան նախագիծը», նշած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն` աւելցնելով, որ ներդրումներու վերաբաշխման մասին խօսք չկայ:

Նախարարութեան մէջ բացատրած են, որ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը եւ ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտը կրճատած են ծախսային մասը` Երեւանի կողմէ իր աշխատակիցներու քոթային պաշտօններու մէջ չնշանակելու հաշուոյն: Քարտուղարութիւնը նաեւ գոյութիւն ունեցող պահեստները պիտի օգտագործէ` աշխատանքը բնականոն կշռոյթով շարունակելու համար:

Բայց եւ այնպէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Մոսկուան կը մեկնի անկէ, որ Երեւան կը պահպանէ ֆինանսական պարտաւորութիւնները. «Ամէն պարագայի, մենք կը մեկնինք անկէ, որ Երեւանը պարտաւոր է կատարել ֆինանսական պահանջները` համաձայն կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ հաստատուած այլ փաստաթուղթերու»:

Նախարարութեան մէջ ընդգծած են, որ միջազգային կազմակերպութիւններու ֆինանսական կարգապահութիւնը կը պահպանուի անկախ կողմերէն մէկուն` անդամակցութիւնը կասեցնելու կամ դադրեցնելու ցանկութենէն:

Մեկնաբանելով կացութիւնը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ շեշտած են, որ ասիկա բնաւ առաջին անգամը չէ, որ Երեւան կը յայտարարէ ՀԱՊԿ-ին իր անդամակցութիւնը սառեցնելու եւ ֆինանսաւորումը դադրեցնելու մասին:

Նշենք, որ նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան յայտարարած էր, որ Երեւանը մտադիր է ձեռնպահ մնալ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 23 նոյեմբեր 2023-ի «ՀԱՊԿ-ի 2024 թուականի ամավարկի մասին» որոշումին միանալէ եւ կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորման մասնակցելէ:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Օգնական Օ՛Պրայըն Կ՛այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Խօսելով «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին` «Իրան Կը Զօրակցի Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման, Սակայն Դէմ Է Սահմաններու Փոփոխութեան» Կ՛ըսէ Քանի

RelatedPosts

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ
Հայկական

Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.