Շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց տարեշրջանի իր 21-րդ եւ վերջին մրցումը, որ «պարտականութեան» համար էր եւ ոչ աւելի, եւ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալէն:
Մրցակիցը շատ արագ սկսաւ մրցումը եւ 8 վայրկեաններուն արդէն իսկ երկու կոլ նշանակած էր: Կիսախաղէն քիչ մը առաջ, Ղատ Աֆտալ 3-րդ կոլ մը նշանակեց: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլսքորըր Եուսեֆ Համատէ 2 կոլ նշանակեց 55-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն, այդ երկուքին միջեւ մրցակիցը կոլ մը եւս նշանակած էր:
Եուսեֆ Համատէ այս տարեշրջանին 29 կոլ նշանակեց: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 21 մրցումներու ընթացքին 16 յաղթանակ արձանագրած էր` կրելով 5 պարտութիւն, նշանակած էր 88 կոլ` ստանալով 23 կոլ:
Շատ կարեւոր է սորվիլը իւրաքանչիւր մրցումներէ, ըլլայ այդ մրցումը յաղթական, թէ պարտուած: Վստահաբար պէտք է աշխատիլ խումբին այն կէտերուն վրայ, ուր կ՛ըլլան սխալներ, որովհետեւ ֆութպոլը միջազգային մակարդակի նման հասած է տեղ մը, ուր նուազագոյն սխալ գործողը կրնայ յաղթել մրցում մը կամ մրցաշարքը: Չի բաւեր ամէնէն գեղեցիկ ֆութպոլը կիրարկել կամ լաւագոյն մարզիկները ունենալ, շատ կարեւոր է ներդաշնակ ֆութպոլ կիրարկելը, եւ ինչպէս նշեցինք` կարելի եղածին չափ քիչ սխալ գործելը: Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ տեսանք, թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ինչպէ՛ս Ռէալ Մատրիտ շահեցաւ բաժակը, կամ ինչպէ՛ս Մանչեսթըր Սիթի, որ ամէնէն գեղեցիկ ֆութպոլը կը կիրարկէ, չկրցաւ շահիլ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակը, կամ ինչպէ՛ս դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն:


