Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ֆորմիւլա 1-ի տարուան 9-րդ կրան փրին, Մոնրէալի մէջ (Քանատա):
Այս տարի 24 մրցումներ տեղի պիտի ունենան, եւ ըստ երեւոյթին սուր մրցակցութիւն տեղի պիտի ունենայ մանաւանդ յառաջիկայ մրցումներուն:
Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր (Մոնաքօ), որ անցեալ մրցումին կրցաւ շահիլ Մոնաքոյի կրան փրին, մեծ յոյս ունի, որ իր խումբը պիտի ըլլայ ամէնէն լաւը այս տարեշրջանին` յոյսով, որ դառնայ աշխարհի ախոյեան ալ, նոյնիսկ եթէ մնացեալ խումբերը բարելաւեն իրենց ինքնաշարժները, ինչպէս է պարագան Մերսետեսի, որ այս մրցումին աւելի մրցակցութիւն կրնայ ցուցաբերել:
Մոնրէալի կրան փրիի շրջավազքը 4.361 քմ երկարութիւն ունի եւ պիտի ընդգրկէ 70 շրջաններ:
2023-ի փոլ-փոզիշընը շահած էր աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ) իր Ռետ Պուլով, որ օր մը ետք շահեցաւ կրան փրին ալ:
Շրջավազքի ամէնէն արագ շրջանը կատարած է ֆինլանտացի Վալթերի Պոթաս 2019-ին, Մերսետեսի հետ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ժամանակացոյցուվ ժամը 21:00-ին:
Ասիկա Քանատայի 53-րդ կրան փրին է եւ 43-րդը` Մոնրէալի մէջ:
Լուիս Համիլթըն 7 անգամ շահած է այս կրան փրին 2007-ին (իր ասպարէզի առաջին կրան փրին), 2010-ին, 2012-ին, 2015-ին, 2016-ին, 2017-ին եւ 2019-ին: Ան Միքայէլ Շումախըրի հետ կը բաժնեկցի 7 տիտղոսներով:
Ֆեռնանտօ Ալանսօ (2006), Վերշթափըն (2022 եւ 2023) եւ Տանիէլ Ռիքիարտօ (2014) նոյնպէս շահած են Մոնրէալի մէջ:
Շրջավավքը, որ կը գտնուի Իլ Նոթրը-Տամի վրայ, ունի 14 անկիւններ եւ կը կրէ Ֆեռարիի պատմական վարորդ Ժաիլ Վիլնէօվի անունը: Մաքլարեն 13 անգամ շահած է Քանատայի մէջ, Ֆեռարի` 12 անգամ (11-ը` Մոնրէալ) 7 փոլ-փոզիշըն եւ 9 լաւագոյն շրջաններ:
2011-ի կրան փրին Ֆորմիւլա 1-ի ամէնէն երկարը տեւեց` 4 ժամ 4 վայրկեան, ուր սէյֆթի քարը 6 անգամ ընդհատեց մրցումը, ինչ որ այլ մրցանիշ մըն է:
Այս շրջավազքը շատ կրնայ ճնշել ինքնաշարժին արգելակը (ֆրենը): Վերջին դարձուածքի վրայ գտնուող պատը կոչուեցաւ «Ախոյեաններու պատը» 1999-էն ի վեր, երբ Տեմոն Հիլ, Միքայղլ Շումախըր եւ Ժաք Վիլնէօվ հոն արկած ունեցան:
Միակ քանատացի վարորդը Լանս Սթրոլն է (Ասթոն Մարթին): Վերջին քանատացին, որ փոտիում բարձրացած է իր հայրենիքին մէջ Ժաք Վիլնէօվն էր 1996-ին:
Վերշթափըն ախոյեանութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ 47 յաջորդական մրցումներէ ի վեր (մրցանիշ)` սկսելով մայիս 2022-էն, Սպանիոյ մէջ, եւ Մոնրէալ կը հասնի 31 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Շարլ Լըքլերի վրայ (Ֆեռարի): Ռետ Պուլ 24 կէտով կը գերազանցէ Ֆեռարին, ինքնաշարժներու դաւաւորման մէջ:
Վերշթափըն այ տարի 8 մրցումներէն 5-ը կրցած է շահիլ, մինչ Քարլոս Սայնց (Ֆեռարի) շահած է Մելպուռնի մէջ, Լանտօ Նորիս (Մաքլարէն)` Մայեմիի մէջ, իսկ Շարլ Լըքլեր (Ֆեռարի)` Մոնաքոյի մէջ:
Ֆեռարին միակ խումբն է, որ ունի 2 վարորդներ, որոնք այս տարի շահած են կրան փրիներ:
Համիլթըն, որ 103 կրան փրիներ շահած է (մրցանիշ), այժմ 53 մրցումներէ ի վեր կրան փրի չէ կրցած շահիլ (2021-էն ի վեր):
Ռետ Պուլ 22 մրցումներէն 21-ը շահած էր անցեալ տարի, ուր Վերշթափըն 19 յաղթանակ տարած էր (մրցանիշ), ինչպէս նաեւ վերջին 41 կրան փրիներու 36-ը:
Վերշթափըն պատմութեան 3-րդ լաւագոյն վարորդն է` շահելով 59 կրան փրիներ` Միքայէլ Շումախըրի (91 կրան փրի) եւ Համիլթընի (103 կրան փրի) ետին:


