Երէկ Ռոլան Կարոսի տղոց թենիսի կիսաւարտականի առաջին մրցումին, սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ 2022-ի սեպտեմբերին թիւ 1 դիրքի հասած էր, բայց 2023-ի յունուարին քաշուելէ ետք Աւստրալիոյ թենիսի մրցաշարքէն իջած Բ. դիրք, կրցաւ 4 ժամ 12 վայրկեան տեւող մրցումէ մը ետք դուրս ձգել նոր թիւ 1-ը գրաւած իտալացի Եաննիք Սինըրը` 2-6, 6-3, 3-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով:
Ալքարաս, որ անցեալ տարի հասած էր Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի կիսաւարտական, բայց պարտութիւն կրած Նովաք Ճոքովիչէն, այս անգամ կրցաւ հասնիլ աւարտական` յոյսով, որ շահի իր առաջին Ռոլան Կարոսի տիտղոսը: Ան 2022-ին շահած է Եու. Էս. Օփընը, իսկ 2023-ին Ուիմպըլտընը: Կրան շլեմի իր 3-րդ տիտղոսը կրնայ ըլլալ այս տարի, եթէ անշուշտ կիրակի օր կարենայ պարտութեան մատնել Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա) Քասփըր Ռուտ (Նորվեկիա) մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ աղջկանց աւարտականը` թիւ 1 Իկա Շվիաթեքի (Լեհաստան) եւ Ճասմին Փաուլինիի (թիւ 12, Իտալիա) միջեւ:


