Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Սահմանադրութիւններուն Վերաբերեալ Զուգահեռ Ստեղծելու Փորձը Իրականութենէն Հեռու Է Եւ Անընդունելի»

June 6, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրեր առաջ Հայաստանէն ստացած ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի նոր նախագիծ. նշեմ, որ համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ աւելի քիչ հարցեր բաց կը մնան: Այս մասին Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

«Որոշ կէտերով դրական ընթացք կայ», նշած է ազրպէյճանցի նախարարը:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ Ազրպէյճանի վերջին առաջարկներուն` ուղարկելով լրամշակուած 9-րդ խմբագրութիւնը: Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանը:

Պայրամովի համաձայն, կարգաւորման հոլովոյթի միւս տարրերը կը ներառեն հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը: «Այդ հիմամբ մենք կարծիքներ փոխանակած ենք 4 բռնագրաւուած ազրպէյճանական գիւղերու ազատման կողմերու միջեւ հոլովոյթի վրայ դրական ազդեցութեան մասին», աւելցուցած է ան:

Պայրամով նշած է, որ Ազրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան հոլովոյթին. «Մենք պատրաստ ենք մեր կողմէ ձեռնարկելու յաջորդ անհրաժեշտ քայլերուն»:

Ան անընդունելի նկատած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռներ գծելու փորձը:

«Այն, որ հայ հասարակութեան մէջ նման քննարկումներ կ՛ընթանան (Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին, «Ա.»), ինքնին դրական է: Սակայն զուգահեռներ կատարելը անընդունելի է, որովհետեւ Ազրպէյճանը որեւէ երկրի նկատմամբ որեւէ տարածքային յաւակնութիւն չունի», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ յայտնած էր. «Երեւանն ու Պաքուն երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար իրարու սահմանադրութիւններուն մէջ էական խոչընդոտներ կը տեսնեն»:

Նախորդը

«Բացի Հայաստանէն, Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամէն 10 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Պէտք Է Տրամադրուի Նաեւ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ռուս Սահմանապահները Դուրս Եկած Են Ներքին Հանդի Հատուածէն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.