Ինքնաշարժներու շրջագայութեան կառավարման խորհուրդը յայտարարեց, որ ելեկտրոնային կպչուն պիտակները 22-10-2012 թուականի թիւ 243 օրէնքի (երթեւեկի նոր օրէնքի) 145-րդ եւ 154-րդ յօդուածներուն հիմամբ պարտադիր են:
Խորհուրդը շեշտեց, որ այդ պիտակները անվտանգութեան առումով անհրաժեշտութիւն են, ինչպէս նաեւ երթեւեկի տարեկան տուրքը վճարած ըլլալու յաւելեալ փաստ մը:
Ինչ կը վերաբերի ելեկտրոնային կպչուն պիտակներու յանձնման ատեն գումարի գանձման, ապա ատիկա ճշդուած է խորհուրդի 05-09-2023 թուականի թիւ 214 որոշումով` հիմնուելով հաշուապահութեան 12-09-2023 թուականին հրապարակուած թիւ 21 խորհրդատուական կարծիքին վրայ:
Խորհուրդը նշեց, որ այդ պիտակները արդէն ապահովուած են, եւ ան նախանձախնդիր է զանոնք յանձնելու:
Խորհուրդը քաղաքացիներուն յիշեցուց, որ տարեկան տուրքը վճարելու ատեն պէտք է պահանջել ելեկտրոնային այդ կպչուն պիտակը, որ քանի մը օրէն անոնց պիտի տրամադրուի, եւ քաղաքացիները պէտք է զայն կպցնեն իրենց ինքնաշարժի առջեւի ապակիի ձախ կողմի վարի բաժինին վրայ:


