Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «Հայրս Ո՞վ Է» Զաւեշտախաղը

June 5, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը 10 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հայրս ո՞վ է» զաւեշտախաղը:

Ծանօթ բեմագիր Ռէյ Գունիի հեղինակած «Իթ ռանզ ին տը ֆամիլի» թատերախաղին վրայ հիմնուած եւ մեծանուն Գրիգոր Սաթամեանի թարգմանած «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութեան Վաչէ Տօներեանի բեմադրութիւնը այժմէական արտացոլումն է անհաւատարմութեան ընկերային ախտին` զուտ կատակերգական ոճով, ուր կերպարներուն միջեւ յառաջացած ինքնութիւններու շփոթը, չափազանցութիւններն ու իրերայաջորդ սուտերը բեմին վրայ կը ստեղծեն զաւեշտալի դրուագներ: «Այս տարի եւս ընտրեցի զաւեշտախաղ մը, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ հանդիսատեսը կարիքն ունի ուրախանալու եւ խնդալու, ոչ թէ խորին մտածումներով տուն վերադառնալու», կ՛ըսէ բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սարին Խաչիկեան անդրանիկ ներկայացումին արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուց, որ թատերախումբին գլխաւոր առաքելութիւնն է յարատեւել եւ միշտ վառ պահել մեր մշակոյթը, հակառակ Լիբանանի ու հայրենիքի անբարենպաստ պայմաններուն: «Թատերախումբը լիովին կը մատուցէ իր ազգօգուտ ծառայութիւնը սփիւռքահայ մշակութային կեանքին մէջ` պատիւ բերելով ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան», ըսաւ ան:

Յատկանշական է, որ այս թատերախաղով բեմ բարձրացող ոչ միայն սկզբնակ, այլ նաեւ լիբանանահայ բեմերուն արդէն ծանօթ, փորձառու դերակատարներուն մեծամասնութիւնը իր թատերական ուղին սկսած է նոյնինքն ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբէն: Այսպէս, բեմին վրայ կը գտնէք Յարութ Թորոսեանի, Յարութ Մանուկեանի, Եղիկ Աւետիքեանի, Սեդա Պոյաճեան-Լէփէճեանի, Հուրի Պապահէքեանի, Դանիէլ Քէօրօղլեանի, Սմբատ Ղազէլեանի, Արմէն Մաճառեանի ու Թալին Չագմաքճեանի նման հանդիսատեսին ծանօթ դէմքեր, որոնց առաջին անգամ ըլլալով կը միանան Ճեսի Նաճարեան-Պէրպէրեանը, Արինա Պապօղլանեանն ու խումբի կրտսերագոյն անդամ Կալիա Նորշահեանը, որոնք կը վերահաստատեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երկարամեայ աւանդը գաղութի թատերական ոլորտին մէջ ու կ՛ապացուցեն, թէ այս արուեստը չէ կորսուած լիբանանահայուն միտքէն ու սրտէն, այլ միջոց է անջատուելու տխուր իրականութենէն եւ հայաշունչ միջավայրի մէջ վայելելու դերակատարներու այս երիտասարդ սերունդին քանի մը ամսուան հետեւողական աշխատանքին արգասիքը`  հովանաւորութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ անմիջական գործնական աջակցութեամբ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն

Յաջորդը

Արման Պըզպզեան Մեծատաղանդ Ասուպ Մը Եւս

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.