Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Առաջնորդի Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը

June 4, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զմմառի մէջ Վարդարանի աղօթքով,  սկաուտներէ, երիտասարդական միութեան անդամներէ եւ հաւատացեալ հօտէ բաղկացած թափօրը ուղղուեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուր տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Պէյրութի թեմի օգնական առաջնորդի` Գրիգոր վրդ. Պատիշահի:

Նախագահութեամբ Հայ  կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, կատարուեցաւ ձեռնադրութիւնը` ձեռնադրակից ունենալով Գէորգ արք. Խազումեանը եւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը, Բերիոյ կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը, Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց թեմի առաջնորդ Օգոստինոս եպս. Գուսանեանը, Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գէորգ թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանը, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը, առընթերականեր` Նարեկ ծ. վրդ. Մնոյեանը եւ Կարապետ վրդ. Գլընճեանը:

Խորանին սպասաւորեցին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու եկեղեցիներու դպիրները, երգեցողութիւնը կատարեցին Լիբանանի կաթողիկէ հայոց եկեղեցիներու դպրաց դասերը` ղեկավարութեամբ Էտի Թորիկեանի:

Զմմառու ուխտի օրուան եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան զոյգ առիթներու արարողութեան ներկայ էին պապական նուիրակ արհ. Փաոլօ Պորճա, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական, կուսակցական եւ ազգային գործիչներ, մշակութային միութիւններ, կրթական մշակներ եւ հաւատացեալ հօտը:

Յընթացս սուրբ պատարագի նորընտիր եպիսկոպոսը, խարտաւիլակութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գէորգ թ. ծ. վրդ Նորատունկեանի եւ արարողապետ Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթէրեանի առաջնորդութեամբ, ընդառաջ եկաւ դէպի խորան, ուր ձեռնադրիչ հայրապետն ու եպիսկոպոսները զինք դիմաւորեցին եւ իրենց սրբազան աջերը միւռոնին թաթախելով` օծեցին Գրիգոր եպս. Պատիշահի գլուխն ու ձեռքերը:

Ձեռնադրութենէ ետք նորօծ եպիսկոպոսը միացաւ արարողութեան: Հայրապետին կոնդակը` նորօծ եպիսկոպոսին ուղղուած, կարդաց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որով հայրապետը անդրադարձած էր, որ համայնքի հոգեւոր դասին մէջ եպիսկոպոս մը եւս բազմապատկուեցաւ, առաւել եւս, որ Գրիգոր եպս. Պատիշահ երիտասարդ, աշխուժ եւ գործունեայ անձնաւորութիւն մը ըլլալով` պիտի կարողանայ համայնքը ծաղկեցնել եւ իր անշահախնդիր վարքագիծով կազմակերպել ու կազմաւորել գաղութին պէտքերը:

Իսկ քարոզին մէջ հոգեւոր տէրը շեշտեց. «Այս տարուան ուխտի օրը ունի երեք կարեւոր նշանակութիւն, առաջինը` Սուրբ Երրորդութեան տօնն է, որով ամէն օր կը խաչակնքենք` առանց իմանալու անոր իմաստը: Երկրորդ` Տիրամօր ուխտի օրը, որ մեր հովանաւորն է, եւ միշտ իրմէ շնորհակալ եւ երախտապարտ կ՛ըլլանք, իսկ երրորդը` եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կարեւոր իրադարձութիւնը»:

Պատարագի աւարտին պապական Նուիրակ արհ. Փաոլօ Պորճա կարդաց Պապին նորօծ եպիսկոպոսին յղած օրհնութեան գիրը:

Հայրապետական հոգեպարար արարողութենէ ետք նորօծ եպիսկոպոսը իր շնորհակալական խօսքը արտասանեց` շեշտելով, որ կեանքի նոր փուլ մը կը բացուի իր դիմաց, սակայն ինք բոլորին համար պիտի մնայ նոյն անձը, աւելցնելով, որ դիրքերը եւ տիտղոսները կը փոխուին, բայց սրտերը կը մնան անփոփոխ: «Ինծի համար կը սկսի նոր ճանապարհորդութիւն, եւ սակայն արժէքներն ու սկզբունքները կը մնան անփոփոխ», նշեց ան:

Գրիգոր եպս. Պատիշահ դիտել տուաւ, որ ինք կը հաւատայ, որ եկեղեցին ընտանիք մըն է` աղօթելով, որ` եկեղեցին մնայ բոլորին համար սէր, յարգանք եւ հանդուրժողականութիւն ճառագայթող վայր:

«Դարձեալ կը հասկնամ, որ առջեւս գտնուող ճանապարհը լի է մարտահրաւէրներով, բայց հաւատքս Աստուծոյ զօրութեան` ինծի լիակատար վստահութիւն կու տայ, որ Տէրը միշտ հետս պիտի ըլլայ ամէն քայլափոխին եւ պիտի լուսաւորէ իմ ճանապարհս: Պիտի շարունակեմ անխոնջ աշխատիլ, որպէս հովիւ` ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ», ըսաւ ան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` պատրիարքին,  Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին, ձեռնադրակիցներուն եւ բոլոր եպիսկոպոսներուն, որոնք մասնակցեցան ձեռնադրութեան արարողութեան` իրենց աղօթքներով եւ աղաչանքներով: «Ես շատ բան սորվեցայ ձեզմէ եւ կը ձգտիմ հետեւիլ ձեր նախնիներուն հետքերուն` անշահախնդրօրէն ծառայելու եկեղեցւոյ ու ազգին», շեշտեց Գրիգոր եպս. Պատիշահ:

Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ` Զմմառու եւ Հռոմի իր վերակացուներուն, ծնողքին եւ Զմմառու միաբանութեան, պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

Ան խօսք եզրափակեց` ըսելով. «Զմմառու ցաւագին Տիրամօրմէն կը խնդրեմ, որ պահպանէ մեր հայրենիքը` Լիբանանը, պահպանէ մեր հայ ժողովուրդին միասնութիւնը եւ օգնէ մեզի` աւելի լաւ ապագայ կառուցելու մեր ընտանիքներուն եւ զաւակներուն համար»:

Ապա բոլորը ուղղուեցան վանքի դահլիճ, ուր ընդունեցին շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ: Այնուհետեւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ:

Նախորդը

Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի. «Ճիշդ Հնչենք» Մրցում-Յայտագիրի Տասներորդ Տարեշրջանի Աւարտական Մրցում Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.