Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

June 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտայի Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի եւ շեփորախումբի տողանցքէն եւ դրօշակի արարողութենէն ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները, որոնց յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում յուշակոթողին դիմաց:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին անունով հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Ան ըսաւ, որ 106 տարիներ անցած են Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջէն, աւելցնելով, որ անցեալ տարի զանգեր ղօղանջեցին Արցախէն, իսկ այս տարի Տաւուշի զանգերն են, որոնք մեզի կ՛ըսեն` «Հիմի՞ էլ լռենք», «Զարթի՛ր, լաօ», եւ կու գան հաստատելու, որ` «Երբ չի մնուն ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Տէր Ղուկասեան դիտել տուաւ, որ հայ ազգը իր ճգնաժամերուն ծնունդ տուած է խենթերու, որոնք հասած են իր փրկութեան, աւելցնելով, որ այսօր եւս հայրենիքի մէջ մեր հայ «խենթերը» կռիւ կը մղեն թուրք ազերիներու եւ հայ դաւաճաններու դէմ` հայրենիքի պահպանման համար: Ան ըսաւ, որ Տաւուշը ղօղանջեց, եւ հայ «խենթերը» ընդառաջեցին այդ ղօղանջին, կազմեցին կամաւորական շարքեր, Տաւուշէն սկսելով` անցան Հայաստանի զանազան շրջաններէ` հասնելով Երեւան, ուր իրենց վճռական խօսքը ըսին, թէ կը մերժեն հայկական հողերու յանձնումը, աւելցնելով, որ անոնք ուղղուեցան Սարդարապատ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու առաջին հայկական հանրապետութեան զոհերուն եւ վերանորոգելու իրենց ուխտը, հայրենիքի փրկութեան ուխտը: Տէր Ղուկասեան կոչ ուղղեց` մէկ ձայնով, մէկ հայկական հոգիով պահանջելու մեր արդար իրաւունքները, մեր արեամբ գծուած Ուիլսընեան սահմաններով` 160.000 քառակուսի քիլոմեթր:

Զաւարեան ուսանողական միութեան խօսքը արաբերէնով արտասանեց Արազ Էլէյճեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իրագործուեցաւ շատ դժուար պայմաններու մէջ, երբ արդէն քանի մը տարի անցած էր Հայոց ցեղասպանութենէն, եւ մենք տարեկան դրութեամբ հպարտօրէն կը նշենք զայն եւ կը խոնարհինք այն բոլոր հերոսներու զոհողութեան դիմաց, որ ըրին հայրենիքի անկախութեան սիրոյն: Ան նկատել տուաւ, որ ազատութիւնը եւ անկախութիւնը իրենց գինը ունին, սակայն հայրենիքի դժբախտութեան մէջ կ՛արտացոլայ իր զաւակներուն հայրենասիրութիւնը եւ կապուածութիւնը իրենց հողին եւ արմատներուն, աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը շատ լաւ կ՛ըմբռնէ այս մէկը, որովհետեւ Լիբանան եւս տառապած է օսմանեան եւ ապա ֆրանսական տիրապետութիւններու ատեն, մինչեւ որ ունենայ իր անկախութիւնը` տալով բազմաթիւ նահատակներ:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ հայ ազգը միշտ կառչած է իր արմատներուն, եւ ուր որ գտնուած է, հոն հիմնած է փոքրիկ Հայաստան մը: Մենք հեռու ենք մեր մայր հայրենիքէն, սակայն հայրենիքը մեր մէջն է եւ պիտի մնայ յաւիտեան ու մենք պիտի չհանգստանանք եւ պիտի չհանդարտինք մինչեւ արդար հատուցում:

Օրուան բանախօսն էր Սրբուկ Ճենանեան: Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ միջազգային քաղաքական ծանր պայմաններուն եւ ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական ոչ բարենպաստ վիճակին` չենք կրնար անտեսել մեր պատմութեան այնքան ծանր ու դժուար, սակայն միեւնոյն ժամանակ հպարտութիւն ներշնչող ժամանակահատուածը, երբ մեր նախնիներու հզօր կամքին ու հայրենասիրութեան շնորհիւ կը կերտուի այսօրուան մեզի ժառանգ ձգուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Բանախօսը պատմական ակնարկ մը կատարեց այդ ժամանակաշրջանի իրավիճակին եւ պայմաններուն` հաստատելով, որ Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի անհաւասար մարտերուն շնորհիւ կերտուեցաւ հայրենիք մը` աւերակներու ու մոխիրներու վրայ: Ճենանեան շեշտեց, որ «Ազատութիւն կամ մահ» վճռական կամքով պատերազմի դաշտ նետուած միասնակամ հայութիւնը «Ո՛չ» ըսաւ թուրքին` հայութիւնը բնաջնջելու ու ամբողջ Հայաստանը կուլ տալու հակումներուն, իրականացնելու իր կիսատ մնացած փանթուրանական ծրագիրը եւ այս կամքով ու խիզախութեամբ յաջողեցաւ կերտել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը աւելի քան 900 տարի ճաշակելէ ետք ստրկութեան ու բռնաջնջումի զանազան տանջանքները: «Առաջին հանրապետութիւնը մեր տոկունութեան ու ապրելու կամքի վկայութիւնն է: Իսկ մե՞նք, մեզ յաջորդող սերունդները ինչպէ՞ս պիտի արժեւորեն մեզ», հարց տուաւ բանախօսը եւ  զուգահեռներ գծեց մեր Առաջին հանրապետութեան եւ այսօրուան միջեւ: Ան ըսաւ, որ նորաստեղծ առաջին հանրապետութիւնը, որ կը բախի անյաղթահարելի մարտահրաւէրներու, ծնած է Հայոց ցեղասպանութեան մոխիրներէն եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի քաոսէն, իսկ այսօրուան անկախ Հայաստանը ծնած է` Խորհրդային Միութեան փլուզումին իբրեւ հետեւանք եւ անկախութեան համար կատարուած հանրաքուէով: Առաջին հանրապետութիւնը ի յայտ եկած է ոչ թէ մեծ յեղափոխութեան շնորհիւ, այլ` Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած գոյապայքարէն: Դարեր շարունակ սնուցուած հայ ազգային ինքնութիւնը, որ պատմական գիտակցութեան եւ ինքնորոշման տենչանքի հզօր միաձուլումն է, կը դառնայ այն խայծը, որ առաջ կը մղէ անկախութեան ձգտումը, իսկ այսօր հայ ժողովուրդը, տարիներ շարունակ դաստիարակուելով համայնավարական գաղափարաբանութեամբ կամ տարուելով օտարամոլութեան մոլուցքէն, մեծ մասով կորսնցուցած է իր ազգային ինքնութիւնը:  Առաջին հանրապետութիւնը նկատի ունենալով իր դրացիներուն` Ազրպէյճանի ու օսմանեան Թուրքիոյ ներխուժումին մշտական սպառնալիքները, ունակ ռազմական ուժի ստեղծումը կը դարձնէ անմիջական առաջնահերթութիւն, իսկ այսօր արդէն պատկերը յստակ է բոլորին համար: Առաջին հանրապետութիւնը աշխուժօրէն կը ձգտի միջազգային ճանաչում ձեռք ձգել` ապահովելու համար միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը, եւ կրնայ ըլլալ, որ այդ ջանքերը սահմանափակ յաջողութիւններ ունեցած են, սակայն ապահոված են որոշ միջազգային համակրանք` Հայկական հարցին նկատմամբ, մինչ այսօր արդեօ՞ք ականատես եղանք Արցախի Հանրապետութեան գծով միջազգային ճանաչում ձեռք ձգելու աշխատանքներու:  Առաջին հանրապետութիւնը երբ Թուրքիոյ հետ յունիս 4-ին կը կնքէ Պաթումի դաշնագիրը, որով Թուրքիա կ՛ըլլայ առաջին պետութիւնը, որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը, մօտաւորապէս 12.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ, մեզի ժառանգ կը ձգէ 29,743 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, իսկ այսօր նոյնիսկ այդ տարածութիւնը պահելու վճռակամութիւնը չի նկատուիր, տակաւին, մէկ կողմ դնելով Արցախի պարագան: Ճենանեան հարց տուաւ, թէ ո՞վ է պատասխանատուն այս բոլորին, եթէ ոչ` մենք բոլորս:

«Եթէ այսօր հոս հաւաքուած ենք տօնելու մեր նախնիներուն մեզի համար կերտած փառքը եւ հպարտանալու անով` իբրեւ ժառանգորդներ, ապա մենք ի՞նչ պիտի փոխանցենք մեր յաջորդներուն, եթէ ոչ` վճռականութիւն, գոյատեւելու կամք ու յամառ տոկունութիւն, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին իրաւունք ձեռք ձգենք մեր պատմութեան փառաւոր էջերուն մէջ արձանագրուելու: Հետեւաբար տէր կանգնինք մեր հայրենիքին եւ սփիւռքին, դառնալու արժանաւոր զաւակները մեր գոյութեան գրաւականին` մայիսեան յաղթանակը կերտող «խենթերուն», եզրափակեց Սրբուկ Ճենանեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամները մեկնաբանեցին Պարոյր Սեւակի «Մենք» բանաստեղծութիւնը, ելոյթ ունեցան Համազգային տհոլահարներու խումբը եւ «Քնար» պարախումբը, ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը` պատրաստութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի: Ելոյթ ունեցան նաեւ հայրենի երգիչներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները:

Աւարտին կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը նուագեց «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

 

 

Նախորդը

Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր, Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ 15-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.