Հինգշաբթի, 16 մայիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան «Կիներու հզօրացման ծրագիր»-ի խոհարարական դասընթացքի մասնակցող 84 կիները վկայագիրներ ստացան:
«Մշակութային օր եւ վկայականաց բաշխման հանդէս» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր` ներկայութեամբ թեմի երեք հոգեւոր պետերուն` Շահէ արք. Փանոսեանի, Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի եւ վերապատուելի Րաֆֆի Մըսրլեանի, CNEWA Pontifical Mission կազմակերպութեան տարածաշրջանի տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթինի եւ Մարլեն Քոնսթանթինի, ինչպէս նաեւ` «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, որ վեր առաւ մշակոյթի կարեւորութիւնը ազգային կեանքին մէջ` նշելով. «Մշակոյթը առանցքային դեր կը խաղայ ազգերու ինքնութեան եւ ձեւաւորման մէջ. ան իր մէջ կը պարունակէ արժէքներ, աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ, որոնք կը բնորոշեն հասարակութիւնը` ապահովելով պատկանելիութեան զգացում: Երգի, պարի եւ արուեստի կողքին, մշակութային կեանքին մէջ ճաշը իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած է. ան կը ծառայէ որպէս գիտելիք, պատմութիւն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցման միջոց»: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Մշակոյթը ազգի սրտի բաբախիւնն է, որ կը սնուցանէ հոգին, կ՛ոգեշնչէ ժողովուրդը` ձգտելու դէպի կատարեալը, միշտ յարգելով իր արմատները»:
Գեղարուեստական յայտագրով հերթաբար հանդէս եկան` Գեղամ Սարգիսեան, Մարալ Անտոնեան, մայեսթրօ Վիգէն Չալեան, Սերժ Մամիկոնեան, Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը:
CNEWA, Pontifical Mission կազմակերպութեան տարածաշրջանի տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթին իր խօսքին մէջ ներկայացուց Pontifical Mission կազմակերպութեան պատմականն ու գործելաձեւը. յայտնեց, որ այս տարի կազմակերպութեան 75-ամեակն է, եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր աշխատանքով եւ ծառայութեան ոգիով կրցաւ իր յատուկ տեղը գրաւել: Ան բարձրօրէն գնահատեց այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը աշխուժօրէն կը գործակցի քրիստոնեայ երեք համայնքներուն հետ եւ անխտրականօրէն կը հասնի շրջանի ժողովուրդի կարիքներուն:
Ապա Սերոբ Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն, որոնք միշտ զօրավիգ եւ քաջալերող հանդիսացած են հաստատութեան բոլոր աշխատանքներուն, CNEWA, Pontifical Mission-ի «Գարակէօզեան» հաստատութեան հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան եւ գործակցութեան: Դրուատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութիւնը եւ ըսաւ, որ ան իր ծնունդէն մինչեւ օրս միշտ եղած է ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար, միշտ պատրաստ` լսելու անոնց ցաւերը եւ իւրաքանչիւր ցաւի ամոքման ի խնդիր լուծումներ որոնելու, երկարելու իր գթառատ ձեռքը անխտիր բոլորին` վառ պահելով անոնց մէջ յոյսի փարոսը:
Իր խօսքի աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան բարձրօրէն գնահատեց վկայեալ 84 կիները, որոնք ունեցան կամքն ու համբերութիւնը` սորվելու նորութիւններ եւ իրենց ընտանեկան յարկէն ներս վառ պահելու ընտանեկան աւանդութիւնները:
Յայտագրի աւարտին խոհարարական դասընթացքի մասնակցողները ստացան վկայագիրներ:


