Վաղը, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի աղջկանց մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Մութթահետի դէմ:
Մէկ պարտութենէ ետք, Պուրճ Համուտի աղջկանց խումբը յաղթանակով վերադարձաւ Աուֆիաա Ռիատիի դէմ մրցումէն, եւ վաղը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի փորձէ իր յաջորդական 2-րդ յաղթանակը արձանագրել ժամը 20:00-ին տեղի ունենալիք մրցումին` հիւսիսային Լիբանանի իր մրցակիցին դէմ:
Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ գտնուիլ դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց երիտասարդ խումբը:


