ՕԹԱՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ հետ ճակատման իրենց ընթացքով լարուածութեան աճ կը յառաջացնեն հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով:
«Դաշինքի առանձին երկիրներ կը ձգտին ամրապնդել Կովկասի մէջ իրենց դիրքերը` ատով իսկ ելք ստանալով դէպի Կասպից ծովու հարստութիւններ եւ ուղղակի մուտք դէպի Կեդրոնական Ասիա», ըսած է Պելոուսով` Ալմաթիի մէջ ՀԱՊԿ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Անոր համաձայն, «Հայաստանին ու Ազրպէյճանին, հակասութիւնները լուծելու համար, կը պարտադրուին միջնորդական ծառայութիւններ»:
«Կ՛առաջարկուի խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել բացառապէս արեւմտեան հարթակներու վրայ եւ թելադրանքով», նշած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Անոր համաձայն, «առանձնակի մտահոգիչ են Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ամրապնդման պատրուակով մեր հայ գործընկերները իրենց շահերու ոլորտ ներգրաւելու վերաբերեալ ծրագիրները»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան Ռուսիոյ հետ ճակատման ուղղութեամբ ընթացքը ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան շարք մը շրջաններու մէջ լարուածութեան աճ կը յառաջացնէ:


