Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Յաւելեալ Համարձակութիւն»

May 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն նոր նախապայման դրած է Երեւանի առջեւ. ճանչնալ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը»:

Գրաւելէ ետք հայկական Արցախը, ներխուժելէ ետք հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ,  Պաքուն անջատած է սահմանազատման օրակարգը խաղաղութեան պայմանագիրէն, իր կանոններով սկսելով հատուածական սահմանազատում, հիմա կը համալրէ իր նախապայմանները:

Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղայի մէջ ցեղասպանական արարքներ գործադրած, ցեղային զտման ամբողջ քաղաքականութիւն մը հերթական արարներով իրականացուցած եւ Արցախի մէջ ուղղակի Ցեղասպանութիւն կիրարկած Պաքուն այժմ Հայաստանի Հանրապետութենէն կը պահանջէ «ինքնախոստովանութիւն»:

Պահելով ռազմագերիներ Պաքուի բանտերուն մէջ , պատանդելով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, Ազրպէյճանը կը յոխորտայ, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կ՛ընթանան ի՛ր կողմէ ճշդուած օրակարգով, որուն կ՛ընդառաջէ Երեւանը:

Այս բոլորին հանգիստ ընկալումը միայն պետութեան ղեկը ստանձնողներուն չի վերաբերիր: Յայտնապէս տարիներու վրայ երկարող կազմակերպուած աշխատանքի հիմամբ ժողովրդային որոշ զանգուածի համար խաղաղութեան հասնելու համար  անհրաժեշտ են Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջութեան մաս նկատելը, թէկուզ միակողմանի զիջումներով Ազրպէյճանի հետ սահմանազատում-սահմանագծում կատարելը:

Ազրպէյճանը անպայման կը վերադառնայ Անկախութեան հռչակագիրին բովանդակութեան եւ մեր օրէնսդրութեան: Նոյն զանգուածը հանգիստ պիտի ընկալէ զինանշանի, պահանջատիրական իրաւադրոյթներու ապասահմանադրականացումը, որուն համար մտային ենթահող կը պատրաստուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ:

«Կղերաֆէոտալական» գաղափարաբանութեան վերջակէտ դնելու խոստումով ըստ էութեան վարչապետը կը շարունակէ արժէքափոխութեան իր վարքագիծը: Սահմանները օրինականացնելով անվտանգութիւն ապահովելու յայտարարութիւններուն չեն հետեւիր հարցադրումները: Առնչուած պետութիւնները կամ ընդհանրապէս միջազգային հանրութիւնը ինչպէ՞ս երաշխաւորեց Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը, ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկեց կանխարգիլելու համար Արցախի մէջ Պաքուի գործադրած ցեղային զտումը: Երեւանը վճռահատած էր. Արցախը ամբողջութեամբ ճանչցած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Արցախը այդ ձեւով սահմանազատուած էր եւ դարձած մաս Ազրպէյճանին: Այդ «լեգիդիմութիւն»-ը ինչպէ՞ս ապահովեց Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը: Այս փաստարկները կան: Սակայն այս բոլորը կամովին անուշադրութեան կը մատնէ զիջելով խաղաղութիւն ձեռք բերելու կամովին հաւատացող հատուածը:

Կեղծ եւ պայմանական խաղաղութեան մասին կը խօսին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան միաժամանակ: Թուրքիոյ նախագահը կը յայտարարէ, որ կարելի չէ կորսնցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ներկայ կարելիութիւնը. եւ թէ` Հայաստանը աւելի կը մօտենայ խաղաղութեան, եթէ ազատուի արտաքին ուժերէն եւ սփիւռքի կախուածութենէն: Թուրքիոյ նախագահը Երեւանէն կ՛ակնկալէ յաւելեալ համարձակութիւն այս բոլորը իրագործելու համար:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը գրեթէ ճիշդ նոյն ատեն, ժամերու տարբերութեամբ կ՛արձագանգէր. «Ազրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին, եւ մենք յոյս ունինք, որ անիկա դրական կ՛ըլլայ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման համար»:

Այսպէս ուրեմն. Ազրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին, ցեղասպանութիւն գործելով Արցախի մէջ եւ Խոջալուի ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելով Հայաստանէն:

Հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին` ներխուժած ըլլալով հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ: Հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին` Երեւանէն պահանջելով Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան  փոփոխութիւններ եւ այսպէս շարունակ:

Հայաստանը ընդունելով այս բոլորը խաղաղութիւնը պիտի տեսնէ միակողմանի զիջումներով ապահովելիք անվտանգութեան կամ լեգիդիմութեան մէջ: Գուցէ նաեւ Անգարայէն ակնկալուած յաւելեալ համարձակութեան իրականացումով է, որ Հայաստանի վարչապետը յաւելեալ համարձակ յայտարարութիւններ եւ քայլեր կը կատարէ «իրական» Հայաստան վերադառնալու կամ մինչ այժմ հասկցուած անվտանգութեան վտանգաւորութեան մասին խօսելու կամ անվտանգութեան նոր յղացք ապահովելու:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ակնկալած այս յաւելեալ համարձակութիւնը կասեցնելու համար  հրամայական է իշխանափոխութիւնը:

Նոր իշխանութիւն, որ պիտի չդիմէ միակողմանի զիջումներու, տարածքներու յանձնման համար Անգարայէն եւ Պաքուէն ակնկալուած յաւելեալ համարձակ քայլերու:

«Ա.»

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Մայիս 2024)

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.