Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով. Լիբանանահայ Հարիւրաւոր Պատանիներ Հայրենիքի Զօրակցական Կոչերով, Երգեցողութեամբ Եւ Պարերով Մասնակցեցան Ներսիկ Եւ Արաբօ Իսպիրեաններու Երգահանդէսին

May 30, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լիբանանահայ պատանիները` յանուն հայրենիքի» կարգախօսով, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, երկուշաբթի, 27 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող հայրենի արուեստագէտներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններու աշակերտական-պատանեկան երգահանդէսը, ընկերակցութեամբ հայրենի հինգ երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբին:

«Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» կանչերով սկսաւ երգահանդէսը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի անդամ Շաղիկ Չամիչեան, որ նշեց, թէ հայ պատանին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներու կտակին տէր կանգնելով պիտի յաճախէ հայկական վարժարան, պիտի սորվի, խօսի ու պահպանէ իր մայրենին, մօտէն պիտի ծանօթանայ մշակոյթին, երգէ, պարէ եւ ստեղծագործէ հայերէնով ու ամէնէն կարեւորը` պիտի սորվի հայոց պատմութիւնը ոչ թէ պարզապէս իբրեւ տեղեկութիւն, այլ` ինքնութիւն, դասեր քաղելով մեր անցեալէն, մեր հերոսներէն:

Չամիչեան ըսաւ, որ դժբախտաբար անցնող տարիներուն ականատես դարձանք Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ ոչ ազգային քաղաքականութիւններու, որոնք պէտք է կասեցուին, որովհետեւ հայրենիքը սուրբ է, կարելի չէ ծախել, յանձնել, նուիրել, եւ որովհետեւ հայրենիքը յանձնողը ազգին դաւաճան է:

Ան դիտել տուաւ, որ մենք կորսնցուցած ենք Արցախը, սակայն երգահանդէսին մեր կողքին են ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Արցախէն ժամանած սկաուտներ, որոնց ներկայութիւնը մեր մէջ պայքարի ուժ պէտք է ներշնչէ: Շաղիկ Չամիչեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարիներ ետք անկախութիւն կերտած ժողովուրդը  չի կրնար յուսահատիլ, որովհետեւ հայ ազգը ազատատենչ է, պայքարող ու վճռակամ է:

Աւարտին, Չամիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին պատանեկան միութիւններու հրաւէրին:

Ապա ելոյթ ունեցան հայրենի արուեստագէտները` Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները, որոնք շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդային եւ յեղափոխական երգեր: Ներկայ հարիւրաւոր պատանիները երգեցողութեամբ, իրենց բռունցքները բարձրացնելով եւ պարերով մասնակցեցան երգահանդէսին: Խանդավառ ու քաջալերական մթնոլորտի մէջ «Արիւնոտ դրօշ»-ով փակուեցաւ հայրենիքի զօրակցական երգահանդէսը:

Նախորդը

Պիտի Վերականգնինք Մեր Կամաւորներու Բանակով

Յաջորդը

Ճեմարանի Եւ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Միացեալ Եւ Ոգեւորիչ Տօնակատարութիւն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
Ստացանք
Գաղութային

Ստացանք

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.