Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Այսօր Մեր Տօնն Է

May 28, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսեան յաղթանակներուն եւ իրագործումներուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունի մայիս 28-ին հիմնադրուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որ 96 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` ծառայելով գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթին եւ Դատին:

«Լոյսով` լոյսին» նշանաբանով Համազգայինը իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայ մտքի եւ հայ հոգիի ազնուացման աշխատանքներուն մէջ, արուեստի ճամբով ծառայելու հասարակութեան զարգացման ու արժէքներու պահպանման ճիգերուն:

Այսօրուան տագնապալի աշխարհին եւ ի մասնաւորի վիրաւոր հայրենիքին մէջ առաւել եւս կարիքն ունինք իսկական լոյսի, երբ օրէ օր կը մխրճուինք դէպի խաւար առաջնորդող կեղծ ու խաբուսիկ եւ երբեմն ալ անգոյն լոյսերու մէջ: Ինչպէս երէկ, այսօր եւս Համազգայինը պիտի շարունակէ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման լուսաւորել` հետեւելով շանթերու եւ աղբալեաններու ուղիին:

Այս ծիրին մէջ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը, հաւատարիմ մնալով «Լոյսով` լոյսին» նշանաբանին, իր աշխատանքներուն կիզակէտը դարձուցած է հայ աշակերտը, որպէսզի նորահաս սերունդը երաժշտութեան, երգեցողութեան, թատերարուեստին, պարարուեստին, գեղանկարչութեան եւ այլ ճիւղերու ընդմէջէն վերադառնայ իր արմատներուն, չմոռնայ անցեալը, պահպանէ մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը եւ ապրի հայավայել ու արժանավայել կեանք` լոյսը փոխանցելով նոր ծիլերուն: Մեր գեղարուեստի դպրոցներու աւելի քան 840 աշակերտները եւ բազմաճիւղ ու ծաւալուն գործունէութիւնը լաւագոյն վկաներն ու ապացոյցներն են Համազգայինի լուսաւոր առաքելութեան շարունակականութեան եւ սերնդափոխութեան:

Այո՛, այսօր իւրաքանչիւր համազգայնականի տօնն է: Այսօր Համազգայինով ապրող ու շնչող իւրաքանչիւր հայու օրն է: Այսօր մե՛ր տօնն է:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մայիս 28-ի Կախարդական Ոգին

Յաջորդը

Տասնեակ Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Հանրահաւաքի Ընթացքին. Բագրատ Արք. Գալստանեանի Թեկնածութիւնը Առաջադրուեցաւ Վարչապետի Պաշտօնին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.