Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միւնիխականութիւն»

May 28, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԳԷՍ-ՎԱՐԱԳ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ

Միջազգային քաղաքականութեան ծիրին մէջ «appeasement»-ը դիւանագիտական մարտավարութիւն մըն է, որ կը միտի թշնամի երկրի մը քաղաքական, հողային կամ տնտեսական զիջումներ պարտադրել` պատերազմէ խուսափելու պատրուակով: Այս քաղաքականութիւնը որդեգրուեցաւ անգլիացի վարչապետներ Ռամսէյ ՄաքՏանըլտի (1929-1935), Սթենլի Պալտվինի  (1935-1937) եւ յատկապէս  Նեւիլ Չեմպըրլէյնի (1937-1940) կողմէ ընդդէմ նացի Գերմանիոյ` 1933-ի եւ ֆաշիստ Իտալիոյ 1922-ի յարձակողական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան:

Հիթլերի տարածքային նկրտումները ի յայտ եկան, երբ 1936 թուականին գերմանական ուժերը գրաւեցին Ռայնլանտը, ապա 1938-ի մարտին` Աւստրիան: 1938-ի սեպտեմբերին Միւնիխի խորհրդաժողովին ընթացքին Նեւիլ Չեմպըրլէյնը Հիթլերին կ՛արտօնէ գրաւել Չեխոսլովաքիոյ գերմանալեզու կարգ մը շրջաններ` հաւատալով Հիթլերին այն խոստումին, որ լայնածաւալ պատերազմ տեղի պիտի չունենայ Եւրոպայի մէջ: Սակայն, դժբախտաբար, «Միւնիխականութիւն»-ը հետագայ պատերազմներ չկրցաւ կասեցնել, այլ զիջումներու այս քաղաքականութիւնը քաջալեր հանդիսացաւ Հիթլերին, որպէսզի յաւելեալ տարածքներ գրաւէ եւ, ի վերջոյ, Եւրոպան մղէ դէպի  Համաշխարհային Բ. պատերազմ:

Հայաստանի Տաւուշի մարզի վերջին իրադարձութիւնները, այսպէս կոչուած, սահմանազատումի գործընթացը, Նիկոլ Փաշինեանի միակողմանի զիջումները, անթերի օրինակներ  են «appeasement policy»-ի: Փաշինեան, իր որդեգրած պարտուողական «ռազմավարութեամբ», «կը խուսափի» ապագայ պատերազմներէ եւ  խաղաղութիւն մուրալով` իր իշխանութիւնը կը փորձէ պահել: Փաշինեան կը գործէ նոյն սխալը, որ Չեմպըրլէյնի օրով առիթը ստեղծեց Բ. Համաշխարհային պատերազմի բռնկումին: Փաշինեանի միակողմանի զիջումները կրնան խաղաղութեան ժամանակաւոր պատրանք ստեղծել, բայց ի վերջոյ այս քաղաքականութիւնը արժանապատիւ խաղաղութիւն չ՛երաշխաւորեր Ազրպէյճանի հետ: Չկայ խաղաղութիւն, որ հիմնուած ըլլայ զոհի անվերջ զիջումի եւ յանցագործի անվերջ ստանալու մօտեցման վրայ:

Իլհամ Ալիեւի ախորժակը յստակ է: Ան վերջերս Հայաստանը անուանեց «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ազրպէյճանի բռնակալը նաեւ կը մերժէ  նահանջել Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս գտնուող իր գրաւած ռազմական դիրքերէն, Փաշինեանի «appeasement»-ի  ռազմավարութեան հետեւանքները կը վտանգեն ոչ միայն Տաւուշը, այլ նաեւ` ամբողջ Հայաստանը: Թշնամին կ՛ուզէ մխրճուիլ ու գրաւել Տաւուշի հատուածն ու շարունակել դէպի Լոռի,  Գեղարքունիք, Սիւնիք, իսկ ապա` Երեւան:

Փաշինեան կը վտանգէ Հայաստանի ազգային շահերը, արժէքները եւ հայապատկան հողերը: «Appeasement»-ի քաղաքականութիւնը կը տկարացնէ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը,  կը քաջալերէ  մեր թշնամիները եւ, ի վերջոյ, պատճառ կը դառնայ ապագայ պատերազմներու եւ հողային կորուստներու: Պատմութիւնը շատ անգամ փաստած է, որ «appeasement»-ը ձախող գործընթաց մըն է, որ ունի աղէտալի եւ անվերաշրջելի հետեւանքներ:

 

 

Նախորդը

Մայիս Ամիս. Ապրինք Ու Պայքարինք Սարդարապատի Ու Շուշիի Կամաւորներու Հաւատքով Ու Յոյսով

Յաջորդը

ԶՈՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.