Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն «Կիլիկիա» Մատենադարան Եւ Թանգարան

May 25, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումն նախաձեռնութեամբ, ապրիլ 26-ին այցելութիւն մը տրուեցաւ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանք, մատենադարան եւ թանգարան:

Այցելութիւնը սկսաւ նախ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքի մէջ աղօթքով: Մասնակիցները Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած:

Ապա անոնք ուղղուեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի շէնքը, ուր սիրալիր կերպով ընդունուեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ:

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանը հիմնուած է երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Աթոռակից կաթողիկոսին կողմէ, 1931-ին:

Շահան սրբազան մատենադարանին մասին  խորունկ եւ յստակ տեղեկութիւններ տուաւ, հետաքրքրական կերպով անդրադարձաւ անոր անցած ուղիին: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան չորս յարկանի «Կիլիկիա» թանգարանը, որ Լիբանանի թանգարաններու ցանկին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրով զարգացաւ եւ բարգաւաճեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանը:

Հոն եւս պատասխանատուն մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Սիսի կաթողիկոսութեան թանկարժէք գոյքերը, միւռոնի կաթսան, սուրբ մասունքները, ձեռագիրները, ծիսական զգեստները եւ այլ հոգեւոր հարստութիւնները կարողացան գաղթի ճամբուն վրայ Սիսէն դէպի Հալէպ, ապա Անթիլիաս փոխադրել կառքերու վրայ` դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ:

«Կիլիկիա» թանգարանին բացումը կատարուած է 1998-ին: Յատկանշական էին հետեւեալ նիւթերը.  մասունքներ եւ մասնատուփեր, ոսկերչութիւն, ասեղնագործութիւն եւ ծիսական զգեստներ,  ձեռագիրներ, տպագիր գիրքեր, խաչքարեր, դրամանիշներ, հնագիտական ցուցանմուշներ,  գորգեր եւ վիժակներ, կերպարուեստ: Ներկայիս

«Կիլիկիա» թանգարանին տեսուչն է Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանը:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին կազմակերպած այցելութիւնը` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համալիր, մեծ գոհունակութիւն պատճառեց այցելուներուն: Ներկաները ունկնդիր եւ ականատես ըլլալով տրուած տեղեկութիւններուն` զգացին իրենց հոգիներուն մէջ զուտ հայապահպանութիւն եւ զօրաւոր հաւատք` մեր ոգեղէն արժէքներուն եւ տոհմիկ աւանդութիւններուն նկատմամբ:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Մայիս 2024)

Յաջորդը

Չորս Նոր Մարզաձեւեր` Փարիզ 2024-ի Ողիմպիական Խաղերուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.