ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառած վնասները, յատկապէս երկրագործական մարզին մէջ: Հաժ Հասան նշեց, որ ինք պիտի մեկնի Եգիպտոս` երկկողմանի գործակցութեան փոխըմբռնումի յուշագիր մը ստորագրելու համար եգիպտացի իր պաշտօնակիցին հետ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլի կողմէ պատերազմը շարունակելու կառչածութիւնը անոր օգտին պիտի չըլլայ, այլ` պիտի օժանդակէ Իսրայէլը վերացնելու:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Նազիհ Մաթթա յայտնեց, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն երկխօսութեան` սահմանադրութեան յարկին տակ: Ան աւելցուց, որ Պրիւքսելի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութեան քայլերը պիտի կեդրոնանան Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կատարելու կարեւորութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Պրիւքսելի մէջ պիտի հաստատէ, որ տեղահանուածներուն համար Լիբանան անցքի երկիր է եւ ոչ թէ ապաստան գտնելու, այլ խօսքով` բնակելու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց Քաթարի դերակատարութիւնը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար կազմուած միջազգային հնգեակին գործունէութեան շրջագիծին մէջ:


