Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Կը Մերժենք Զինադադարի Գաղափարը, Եւ Ուքրանիան Պաշտպանելու Համար Մեր Կարիքը Ունեցածին 25 Առ Հարիւրը Ունինք»

May 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Ուքրանիան պաշտպանելու համար մեր կարիքը ունեցածին 25 առ հարիւրը ունինք: Կը խօսիմ օդային պաշտպանութեան համակարգերու մասին, մասնաւորաբար ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգի մասին»` նշելով, որ իր երկիրը կարիքը ունի 120-130 «ԷՖ-16» կամ այլ արդիական հալածիչներու, «որպէսզի Ռուսիան օդին մէջ առաւելութիւն չունենայ»:

«Ուքրանական ուժերու թիւի պակաս գոյութիւն ունի, եւ ատիկա կ՛ազդէ զինուորներու բարոյականին վրայ, այն պահուն, երբ բանակի շարքերը ամրապնդելու համար զինուորագրման նոր օրէնքը շաբաթ օր ուժի մէջ կը մտնէ», ըսաւ ան:

Զելենսքի յայտարարեց, որ կը մերժէ Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին զինադադար հաստատելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գաղափարը` նշելով. «Ես ըսի. «Էմանուե՛լ, մենք ատոր չենք հաւատար: Վայրկեան մը պատկերացնենք, որ զինադադար կայ. առաջին` չեն վստահիր Վլատիմիր Փութինին, երկրորդ` ան իր ուժերը պիտի չհեռացնէ, երրորդ` ըսէ ինծի Էմանուել, ո՛վ կ՛երաշխաւորէ, որ Ռուսիան ատիկա պիտի չօգտագործէ իր ուժերը մեր հողեր ուղարկելու համար»: Ան աւելցուց, որ «թշնամիին ի շահ եղող» զինադադար մը կը մերժէ:

Զելենսքի ըսաւ. «Արեւմուտքցիները մեզի կ՛արգիլեն Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու զէնքերը օգտագործել ռուսական հողերը հարուածելու համար: Անոնք կրնան իրենց հողերէն մեզ հարուածել, ինչ որ Ռուսիոյ վայելած մեծագոյն առաւելութիւնն է»` աւելցնելով, որ այս շաբաթ այդ մասին դարձեալ գանգատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին:

Նախորդը

Տիգրան Բարսեղեան Սլովաքիոյ Ախոյեանութեան Լաւագոյն Հաւաքականի Անդամ

Յաջորդը

«Բռնագրաւման, Բռնի Տեղահանման Եւ Հաւաքական Պատիժի Քաղաքականութիւնները Երբեք Որեւէ Տագնապի Աւարտի Չեն Յանգեցուցած» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.