Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Վրաստանի Խորհրդարանին. «Քաջութիւն Ցուցաբերեցէ՛ք Եւ Մի՛ Շրջանցէք Ձեր Նախագահի Վեթոն»

May 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիեն Ուաթսըն Վրաստանի խորհրդարանի անդամներուն կոչ ուղղած է «քաջութիւն դրսեւորելու» եւ չշրջանցելու Վրաստանի նախագահի «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքին վրայ վեթոն:

«Ուրախ եմ տեսնելով, որ նախագահ Զուրապիշվիլին կը պաշտպանէ Վրաստանի եւրատլանտեան ապագան` վեթօ դնելով օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին վրայ: Մենք խորհրդարանի անդամներուն կոչ կ՛ուղղենք նոյն քաջութիւնը ցուցաբերելու` չշրջանցելով անոր վեթոն», ընկերային ցանցի վրայ գրած է Ուաթսըն:

18 մայիսին, Վրաստանի նախագահը վեթօ դրած է խորհրդարանին կողմէ 14 մայիսին երրորդ ընթերցումով, 84 թեր քուէներով որդեգրուած «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին:

«Օրէնքը ոչ մէկ փոփոխութեան կամ բարելաւման ենթակայ է: Այս օրէնքը պէտք է ետ վերցուի», ըսած է Սալոմէ Զուրապիշվիլի:

Ընդդիմութեան կողմէ «Օտարերկրեայ գործակալներու» մասին անունը ստացած օրէնքը որդեգրուած է` հակառակ բողոքի բազմահազարանոց ցոյցերուն եւ Թիֆլիսի միջազգային գործընկերներուն կարծր քննադատութեան ու նախազգուշացումներուն:

Վրաստանի Վարչապետ. «Օրէնքին Շուրջ
Քննարկումներու Հեռանկար Չկայ»

«Մեր քաղաքական հակառակորդները կը մերժեն քննարկումներ կատարել «Օտարերկրեայ ազդեցութեան մասին» օրէնքի շուրջ», յայտարարեց Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

Վրացական կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, քննարկումներէն զերծ կը մնան նաեւ Թիֆլիսի օտարերկրեայ գործընկերները:

«Ես նաեւ դիւանագէտներու առաջարկեցի քննարկել այս օրէնքը, սակայն որեւէ արձագանգ չեղաւ: Իսկ այն բանէն ետք, երբ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի կոպտօրէն վեթոյի ենթարկեց այս օրէնքը, ատոր շուրջ հետագայ քննարկումներու ճամբան փակուեցաւ», յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը` պնդելով, որ ըստ վերջին հարցախոյզերուն, վիճայարոյց օրէնքի որդեգրման կ՛աջակցի երկրի բնակչութեան 60 առ հարիւրը:

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի իր կարգին յայտնեց. «Խորհրդարանը պիտի յաղթահարէ այդ (նախագահի, «Ա.») վեթոն, որովհետեւ ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ օրէնքը վրացական է»:

 

Նախորդը

Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազը Կը Պահանջէ Նեթանիահուի Եւ Սընուարի Դէմ Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակել

Յաջորդը

Սպանիան Այսօր Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը, Իսկ Իրլանտան Մտադիր Է Զայն Այս Ամիս Ճանչնալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.