Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահացած Են

May 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները մահացած են: Այս մասին յայտնեց Իրանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան ղեկավար Փիր Հոսէյն Քոլիվանտ:

«Ջախջախուած ուղղաթիռի յայտնաբերման վայրին մէջ ողջ մնացած ուղեւորներու հետքեր չեն յայտնաբերուած», յայտարարեց ան ԻՐԻՊ պատկերասփիւռի կայանէն:

Ռայիսիի մահը «Էքս»-ի վրայ գրառումով նաեւ հաստատեց Իրանի փոխնախագահ Մոհսեն Մանսուրի:

Բացի նախագահէն ուղղաթիռին մէջ էին նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանը, Արեւելեան Ատրպատական նահանգի նահանգապետ Մալեք Ռահմաթին, Թաւրիզ քաղաքի ուրբաթօրեայ իմամ Մոհամետ Ալի Ալէ Հաշեմը, նախագահի պահակագունդի ղեկավար, Յեղափոխական պահակագունդի զօրավար Մեհտի Մուսաւին: Մահացածներուն ընդհանուր թիւը 8-ն է:

Նախագահի մահուան հաստատումէն ետք, իրանեան կառավարութիւնը շտապ նիստ մը գումարեց եւ յայտարարեց. «Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի երթը պիտի շարունակուի, եւ երկրի կառավարման մէջ որեւէ բացթողում պիտի չըլլայ»:

Երկրին մէջ յայտարարուեցաւ հնգօրեայ համազգային սուգ:

Իրանի նախագահի լիազօրութիւնները, երկրին սահմանադրութեան համաձայն, երկու ամիսով պիտի փոխանցուին առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Մոխպերին:

Ան յառաջիկայ երկու ամիսներուն պիտի ստանձնէ երկրի ղեկավարութիւնը, իսկ 50 օրուան ընթացքին նոր նախագահական ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Ըստ Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանադրութեան, նախագահի առաջին տեղակալը, խորհրդարանի նախագահը եւ դատական համակարգի ղեկավարը պիտի ձեւաւորեն խորհուրդ, որ առաւելագոյնը 50 օրուան ընթացքին պէտք է կազմակերպէ նոր նախագահի ընտրութիւն:

Կը հաղորդուի, որ Իրանի նախագահի պաշտօնակատար, առաջին փոխնախագահ Մոխպերի ստեղծեց վեց յանձնախումբ` յառաջիկայ օրերուն երկիրը կառավարելու համար:

Ալի Պաքերի Քանի երէկ նշանակուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:

Իրանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի եւ անոնց ուղեկցող խումբի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 մայիսին Թաւրիզի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահը 19 մայիսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Խոտաֆերինի ջրելեկրակայանի շահագործման յանձնման արարողութեան եւ Արաքս գետին վրայ «քիզ-քալասի» ջրելեկտրակայանի բացումին մասնակցելէ ետք, Խոտաֆերինէն Թաւրիզ վերադարձի ճամբուն վրայ օդերեւութաբանական վատ պայմաններու պատճառով «կոշտ էջք» կատարած էր Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ, ինչի հետեւանքով ուղղաթիռին մէջ բոլոր եղողները մահացած են:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Իսրայէլ կապ չունի» Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան հետ: Անանուն մնալ պահանջած պաշտօնատարը նշած է. «Մենք չէինք»:

Նախորդը

Սպանիան Այսօր Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը, Իսկ Իրլանտան Մտադիր Է Զայն Այս Ամիս Ճանչնալ

Յաջորդը

Պու Հապիպ Վրայսընին Պայմանաժամ Ճշդեց Մինչեւ Մայիսի Աւարտ Յանձնել Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Տեղեկութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.