Պոսթըն Սելթիքս, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն ամբողջական խումբը ունի եւ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած էր տարեշրջանի սկիզբէն, շատ հանգիստ մրցում մը պէտք էր ունենար Քլիվլենտ Քեւելիրզի դէմ, բայց զարմանալիօրէն իր կեդրոնացումը միշտ ալ կը կորսնցնէ եւ մրցումի մը 4 մասերուն ընթացքին կա՛մ 15 կէտով կը յառաջանայ, կա՛մ ալ 6 կէտով ետ կը մնայ:
Երէկ, Պոսթըն 2-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով պարտութեան մատնեց Քլիվլենտը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Օհայոյի մէջ, 109-102 արդիւնքով: Պոսթըն պարտութեան մատնեց խումբ մը, որ վիրաւորներ ունի եւ ոչ բաւարար պահեստի մարզիկներ:
Ճէյսըն Թէյթըմ 33 կէտ նշանակեց, մինչ Լըպրոն Ճէյմս կը դիտէր մրցումը իր նախկին ակումբին դաշտէն:
Ճէյլըն Պրաուն 27 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սելթիքսի, որ հինգշաբթի առաւօտ կրնայ աւարտել այս ճակատումները իր դաշտին վրայ, 5-րդ ճակատումին:
Տոնավըն Միչել եւ Ճերեթ Էլըն վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով դուրսէն կը դիտէին մրցումը, որուն ընթացքին Քլիվլենտի լաւագոյն մարզիկներն էին Տարիուս Կարլընտ (30 կէտ, 7 էսիսթ), Քերիս Լըվերթ (19 կէտ), Էվըն Մոպլի (19 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Մաքս Սթրաս (15 կէտ):
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր անակնկալ ձեռքբերումով մը 4-րդ մրցումին արդիւնքը յեղաշրջեց եւ 4 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել Տալաս Մեւրիքսին` Թեքսասի մէջ:
Մրցումին առաջին կէսին ամէն ինչ սովորական կ՛ընթանար, եւ Տալաս 14 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր Թանտըրի վրայ, սակայն 3-րդ մասին Թանտըրի պաշտպանողականը շատ լաւ էր, եւ Տալաս միայն 15 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Թանտըր 4-րդ մասին 35 կէտ կրցաւ նշանակել եւ յաղթել մրցումը վերջին երկվայրկեաններուն:
Քայրի Ըրվինկ յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով բաւական լաւ չէր եւ չկրցաւ օգնել Լուքա Տոնչիչին եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթընին, որ բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ վերջերս:
Լուքա Տոնչիչ 18 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, մինչ Ուաշինկթըն 21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քայրի միայն 9 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց: Տերիք Ճոնզ 17 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ Տանիէլ Կաֆորտ 10 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, որ այժմ պիտի վերադառնայ Օքլահոմայի դաշտ, ուր 2-րդ մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր (119-110):
Օքլահոմայի աստղը` Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 34 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սենթըր Չեթ Հոլմկրեն (18 կէտ, 9 ռիպաունտ), Լուկենց Տորթ (17 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Ուիլիամս (14 կէտ, 9 ռիպաունտ) լաւ ելոյթ ունեցան:


