Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ Ուու շուի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` մեծերու թէ երիտասարդներու կարգերով:
Մեծերու Եւրոպայի 19-րդ ախոյեանութեան ոսկի մետալ շահեցան Դաւիթ Վարդանեան (65 քկ), Արսէն Բագրեան (60 քկ), Դաւիթ Իսախանեան (56 քկ), Ժերար Պետրոսեան (52 քկ), իսկ երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկի մետալ շահեցան Գրիգոր Տօնիկեան (80 քկ), Աղուան Մագոյեան (56 քկ) եւ Գէորգ Պաղտասարեան (52 քկ):
Մեծերու կազմէն Եւրոպայի փոխախոյեան հռչակուեցաւ Վահան Մկրտիչեան (48 քկ), իսկ պրոնզէ մետալներ ձեռք ձգեցին Յովհաննէս Սմբատեան (+90 քկ), եւ Գէորգ Երիցեան:
Երիտասարդներու մրցումներուն, Դաւիթ Պաղտասարեան (65 քկ) շահեցաւ արծաթ մետալ, իսկ Եաշա Մնացականեան (60 քկ)` պրոնզ մետալ:
Հայաստանի Ուու շուի հաւաքականը խմբային մրցումներուն 12 մետալով գրաւած է 9-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի խումբը Շուէտ մեկնած էր 14 մարզիկով:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի աւանդական ուու շուի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ միջազգային կարգի իրաւարար Արամ Այտինեանն ու Սպարտակ Ծառուկեանը:


