Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Շեքքայի դէմ, Սելասթայի դաշտին վրայ:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած են ժամը 14:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի հրապարակէն: Երթեւեկի սակն է 200 հազար լ. ո.: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու տղոց, որոնք բաւական է մրցում չեն կատարած եւ պէտք ունին քաջալերանքի` շարունակելու իրենց յաղթական երթը:
Տղոցմէ ալ կը սպասուի կեդրոնացած դաշտ ներկայանալ` ձեռք ձգելու 3 կէտեր, որոնք շատ կարեւոր պիտի ըլլան հասնելու 3-րդ դասակարգ:


