ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները կը շարունակուին այսօր, ուր տեղի կ՛ունենան մեծ աղջկանց (15 տարեկան եւ վեր) կիսաւարտականի մրցումները:
Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան պիտի մրցի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին դէմ:
Ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պիտի մրցի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու մեծ աղջիկներու խումբին դէմ:


