Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Սպառնալիքն Ու Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքը Կազմեցին Լիբանանի Պատասխանատուներու Խորհրդակցութեանց

May 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Եւրոպական Միութեան պատասխանատուի խոստացած մէկ միլիառ եւրոյի յատկացումը Լիբանանին առանցքային խնդրայարոյց քննարկումի նիւթ դարձաւ առանց այդ ալ պայթուցիկ վիճակի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու կեցութեան թէ մեկնումի կարգավիճակի դասաւորման թղթածրարի լոյսին տակ: Ինչպէս գրեթէ բոլոր հարցերու պարագային, այս գծով եւս թեր ու դէմ կարծիքներ ու միջոցառումներ արձագանգեցին եւրոպացի պատասխանատուի մէկ միլիառ եւրոյի «խնամատար» քայլին: Ոմանք նուէր որակեցին, իսկ ուրիշներ համարձակեցան կաշառք անուանել մէկ միլիառ եւրոյի յատկացումը: Ընդդիմադիրներ իրենց տեսակէտը հիմնաւորեցին Լիբանանի մէջ հետզհետէ աճող ոճրարարքներու երեւոյթով, ուր դժբախտաբար յանցագործներու մեծ համեմատութիւնը ընդհանրապէս սուրիացի տեղահանուածներ կ՛ըլլան: Աւելի՛ն, տարուէ տարի, եթէ ոչ ամիսէ ամիս, բազմացող սուրիացիներու թուական քանակը լուրջ մտավախութիւններու դուռ կը բանայ պատկան մարմիններուն մօտ, ընկերային, քաղաքական թէ ապահովական իմաստով, ուր լիբանանցի նախարարի վկայութեամբ, աւելի քան քսան հազար զինեալ կայ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն մէջ: Սուրիոյ «գարնանային» դէպքերու սկզբնաւորութեան քանի մը հարիւր հազար հաշուող Լիբանան ապաստանած սուրիացի քաղաքացիները այսօր արդէն իսկ կը հաշուեն աւելի քան երկու միլիոն, ըստ անպաշտօն տուեալներու, տրուած ըլլալով, որ տեղահանուածներու թուաքանակին գծով ճշգրիտ պատկեր ցարդ կարելի չէ եղած կազմել, մասամբ փախստական վիճակի մէջ գտնուող սուրիացիներու, մասամբ ալ` միաժամանակ ցերեկը Սուրիոյ մէջ գործող, իսկ գիշերը Լիբանանի մէջ ապրող տեղահանուածներու երեւոյթին բերումով: Մտահոգիչ է նաեւ, որ Լիբանան ծնող եւ հոս հասակ առնող սուրիացի սերունդներէն շատեր կրնան հետագային լիբանանեան հպատակութիւն ստանալով, դիմել ու ընտրուիլ եւ դիրքեր ստանձնել պետական բարձր պաշտօններու մէջ, ինչ որ կրնայ խախտել Լիբանանի համակեցութեան «կշռոյթը»:

Մինչ հակադիր թէզի ջատագովներ իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդկային իրաւանց, եղբայրական Սուրիոյ քաղաքացիներու օգնութեամբ, որոնք Սուրիոյ կայունութեան ամրապնդման ու աւերուած բնակարաններու վերակառուցման աւարտին միայն կրնան ապահով տունդարձի դիմել:

Սակայն յատկապէս վերջին շրջանին կրկնուող գողութեան, կողոպուտի թէ ոճրարարքներու երեւոյթը ընդդիմադիրները մղեց «բաժակը յորդեցաւ» կարգախօսով միջոցառումներու դիմելու: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ մարոնիներու  պատրիարքի նստավայրին` Պքերքէի մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ կայացած խորհրդաժողովը, կազմակերպութեամբ «Հետազօտութեան եւ վաւերագրումի մարոնի կեդրոնին»: Դռնփակ այս համագումարին կը մասնակցէին լիբանանեան պատկան մարզերու նախարարներու տեղակալներ, տեղահանուածներու հարցերու մասնագէտներ եւ առնչակից հոգեւորական, զինուորական, իրաւական եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Նոյն ծիրին մէջ հայեացքները ուղղուած են լիբանանեան խորհրդարան, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` 15 մայիսին կը նախատեսուի գումարել խորհրդարանի խորհրդակցական նիստ, ուր բոլոր երեսփոխանական պլոքներն ու համախմբումները «սեղանի վրայ» պիտի պարզեն իրենց «խաղաքարտերն ու առաջարկները»: Նիստը կրնայ որոշ աղմուկ բարձրացնել սակայն առանց գործնական արդիւնքներու յանգելու:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի թելադրանքով, ապահովական հետապնդումի խիստ հետաքննութիւններ սկսած են սուրիացի տեղահանուածներու հետքերով: Այս գծով արդէն իսկ լիբանանեան ապահովական պատկան մարմիններ կալանաւորած են հինգ սուրիացիներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի ձեւով Լիբանան մուտք գործել: Նմանապէս, պատկան մարմիններ «կարմիր մոմով» փակած են կարգ մը ապօրինի գործարաններ, որոնց սեփականատէրերը սուրիացիներ են:

Հիւսիսի կարգ մը շրջաններու մէջ Պետական անվտանգութեան պատկան մարմիններ փակած են բաղդախաղի եւ գրաւի քսանհինգ գրասենեակներ:

Իսկ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ձերբակալած է կարգ մը սուրիացիներ, որոնք Արսալի դէպքերուն ընթացքին կռուած են լիբանանեան բանակի զինուորներուն դէմ:

Նաեւ` Քաղաքական Քայլեր

Լիբանանեան հրատապ եւ յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի քննարկման առաջադրանքով երէկ Հզօր Լիբանանի համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Այն Թինէի իր գրասենեակին մէջ:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի զանազան շրջաններու կուսակիցներ ու համակիրներ երէկ համախմբուեցան ԷՍՔՈՒԱ-ի Պէյրութի գրասենեակին առջեւ, միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելով սուրիացի տեղահանուածներու զանգուածային ներկայութեան հետեւանքներուն վրայ:

 

Նախորդը

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.