Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ին Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ սկիզբ առաւ ջահերթով եւ ծաղկեպսակներու զետեղումով, որմէ ետք պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ բոլոր նահատակներուն անթառամ յիշատակը:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Պօղոսեան` նշելով. «Ապրիլ 24: Անմոռանալի թուական մը: Թուական մը, որ այլեւս սուգի օր չէ, այլ` պահանջատիրութեան, գոյատեւման եւ վերածաղկումի առիթ»: Ան ըսաւ, որ 1915-ին տեղահան եղած մեր նախահայրերը յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները եւ երբեք չուրացան իրենց հաւատքը եւ պահպանեցին հայ մշակոյթը, նկարագիրը եւ ազգային զգացումը:
ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամ Լիլիթ Տեմիրճեան, իր կարգին, տպաւորիչ կերպով ասմունքեց «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Լութֆիկ Այվազեան, որ ըսաւ, թէ ինք իր մանկութեան ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան իր մեծ հօրմէն, որ իր զաւակներուն եւ թոռներուն փոխանցեց հայրենասիրութեան եւ հաւատքի ջահը:
Ան դիտել տուաւ, որ կորսնցուցինք մեր հայրենիքը եւ արմատները, շարունակեցինք լսել այդ դառն պատմութիւնները, որոնք արմատացան մեր յիշողութեան եւ էութեան մէջ` վերածուելով հոգեկան անդադար արիւնող վէրքի մը, որ սակայն եղաւ ու պիտի ըլլայ երաշխիքը յիշողութեան ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ, այնքան ատեն որ աշխարհի վրայ հայ կայ:
Բանախօսը շեշտեց, որ հակառակ Ցեղասպանութեան եւ անոր փոխանցած ծանր լուծին` անհրաժեշտ պահուն հայութիւնը չէ վարանած դիմելու ինքնապաշտպանութեան եւ պահանջատիրութեան, եւ մենք շատ յաճախ մղած ենք անհաւասար կռիւներ, որոնց ընթացքին մեր հերոսները անհրաժեշտ պահուն չեն խնայած իրենց արիւնն ու կեանքը` վասն ազգին եւ հայրենիքին, երբեմն մէկ-մէկ, երբեմն հարիւրներով եւ նոյնիսկ հազարներով:
«Իսկապէս մարսելի չէ, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն ու մեր հայրենիքի կորուստէն մէկ դար ետք, ականատես ըլլանք արցախահայութեան ցեղասպանութեան եւ Արցախի կորուստին, դարձեալ լքուած, առանձին մնացած եւ դարձեալ աշխարհի անտարբերութեան եւս սոսկ խօսքը սահմաննեերուն մէջ մնացած դատապարտութիւններէն յուսախաբ:
«Մեր նահատակներուն թողած պատգամին դաւաճանած կ՛ըլլանք, եթէ ուրանանք անոնց յիշատակը, եւ եթէ սակարկութեան նիւթ դարձնենք Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրուակեն, որ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելը անխուսափելի է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար, պէտք է գիտնան, որ բնականոն յարաբերութիւնները կարելի է սկսիլ առանց նախապայմաններու: Այդ մէկը արդէն իսկ զիջում է հայ ժողովուրդին կողմէ», ընդգծեց բանախօսը:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն մասին խօսելով` Լութֆիկ Այվազեան ըսաւ. «Մեր լեռը-ձեր լեռը, Հայաստան-սփիւռք, Հայոց պատմութիւն-Հայաստանի պատմութիւն, պատմական Հայաստան-իրական Հայաստան` հակասութիւններ ստեղծելուն հիմնական նպատակը, ներքին պառակտում սերմանելէն անդին, կը միտի շեղել ուշադրութիւնը ներկայ ապիկար իշխանութեան դաւադիր ընթացքէն: Բա՛ւ է պղծել ամէն սրբութիւն, որ հայկական պահանջատիրութիւն կը խորհրդանշէ»:
Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը հաստատեց. «Պէտք է վառ պահենք մեր պահանջատիրութեան յանձնառութիւնը հետապնդելու համար Հայ դատն ու անկէ բխող բոլոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ վառ պահենք մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը մեր միտքերուն մէջ, Հայաստանի սէրը` մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը` մեր հոգիներուն մէջ»:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նուագախումբը:





