Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտքեր. – 7. Ի՞նչ Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Արեւելումը Այսօր

April 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Կարեւոր է փորձ մը ընել մտածելու Հայաստանի քաղաքական արեւելումի խնդրին մասին: Ո՞րն է ճիշդ արեւելումը:

Դիտարկումները եւ տրամաբանութիւնը կ՛ըսեն հետեւեալը.

  1. Հայաստանը ի վիճակի չէ թուրք-ազերի զոյգին պատերազմով սպառնալու:
  2. Թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ Ռուսիան, համաշխարհային մակարդակի իրենց մրցակցութեան ծիրին մէջ, կը փափաքին տիրել Հարաւային Կովկասին:
  3. Երկուքն ալ կը փորձեն Հայաստանի վրայ տիրութիւն ընել: Հայաստանը անգամ մը եւս վերածուած է կռուախնձորի:
  4. Ռուսիա կը ճնշէ իր թուրք-ազերի դաշնակիցներուն վրայ, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց եռակողմանի համաձայնութիւններուն (եւ իրենց հակաարեւմուտք շեղումներուն):
  5. Արեւմուտքը կը ճնշէ նոյն զոյգին վրայ` պահանջելով հակադրուիլ Ռուսիոյ (ոչ Հայաստանի) եւ հակաարեւմուտք շեղումներ չկատարել: Հոսկէ կու գայ նաեւ իրենց ընդդիմութիւնը` պատերազմի ճամբով Հայաստանը ծունկի բերելու այդ զոյգին մտադրութեան:

Այժմ քանի մը իրողութիւն.

  1. Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսիա երրորդութեան բացայայտ նպատակն է տիրել Սիւնիքի «միջանցք»-ին: Անդադրում կը պնդեն ասոր վրայ: Եթէ յաջողին, Հայաստանի հակակշիռէն դուրս պիտի գայ ռազմավարական արժէք ունեցող Սիւնիքը, եւ Հայաստանը պիտի վերածուի քաղաքականօրէն անարժէք պետութեան մը: Այս տուեալէն մեկնելով, կարելի՞ է որդեգրել ռուսական կամ թրքական արեւելում: Պարզ չէ՞ որ` ոչ:
  2. (ա) Ռուսիան Հայաստանին կրնայ սպառնալ Գիւմրիի իր բանակային միաւորով, սահմաններու վրայ իր ներկայութեամբ եւ տնտեսական-ուժանիւթային ազդեցութեան հուժկու միջոցներով: Կրնայ նաեւ քաջալերել Ազրպէյճանի յարձակողական քայլերը:

(բ) Արտօնելով ազերիներուն, որ շարունակեն իրենց յարձակողական ոճը, Արեւմուտքը Հայաստանի վրայ անուղղակիօրէն կը ճնշէ: Կը ճնշէ նաեւ իր  տնտեսական,  քարոզչական, յարաբերական եւ մարդուժային գերմիջոցներով, որոնցմով անոնք կ՛ուզեն սիրաշահիլ Հայաստանը, այո՛, բայց դիւրութեամբ կրնան այդ «նուէրները» զլանալ եւ առանձին ձգել Հայաստանը:

Այս երկու տուեալներէն մեկնելով` կարելի՞ է երթալ ճակատային բախումի Ռուսիոյ հետ` որդեգրելով ամերիկեան արեւելում: Պարզ չէ՞ որ` ոչ:

  1. Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ունին թէ՛ Արեւմուտքին կապուած շահեր, թէ՛ Ռուսիոյ: Ի վիճակի չեն արհամարհել Ամերիկայի կամ Ռուսիոյ կողմէ գծուած կարգ մը կարմիր գիծեր: Այս տուեալը սահման կը դնէ իրենց կարողութիւններուն: Հոսկէ կրնանք եզրակացնել, որ Հայաստանի վիճակը անյոյս չէ:
  2. Կան նաեւ այլ երկիրներու (Իրան, Իսրայէլ, այլ…) դերակատարութիւնները, որոնք կարեւոր են անշուշտ, բայց այստեղ զանց կ՛առնենք, որովհետեւ արեւելումի հարցին նուազ կ’առնչուին:

 ***

Եզրակացութիւն. կռուախնձոր եղող Հայաստանը չի կրնար որդեգրել որեւէ միակողմանի արեւելում:

Կը մնայ, որ Հայաստանը փորձէ խաղալ միակ կարելի խաղը` ժամանակ շահիլ եւ իմաստութեամբ օգտուիլ շրջանին մէջ գործող պետութիւններու ներքին հակադրութիւններէն:

Այսպիսով կը հասնինք հայկական միակ կարելի արեւելումի հետեւեալ ամփոփ տարազումին.

Մերժել դէպի օտար պետութիւն ուղղուած ամէն միակողմանի արեւելում: Փորձել աւելցնել երկրին անկախութիւնը այլոց տիրապետութենէն: Իմաստութեամբ օգտուիլ այլոց հակադրութիւններէն: Ժամանակ շահիլ եւ օգտուիլ Հայաստանի ռազմավարական դիրքով հետաքրքրուած բոլոր երկիրներէն` հզօրացնելու համար երկիրը: Միաժամանակ առաւելագոյն կարելի չափով պաշտպանել երկրին շահերը եւ արժանապատուութիւնը:

Այս արեւելումը գործադրելու համար կարեւոր է զարգացնել ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, քաղաքական կամքը եւ գիտակցութիւնը եւ ամրապնդել ներքին միասնականութիւնը: Պէ՛տք է համախմբուիլ:

Ապրիլ 2024, Պէյրութ

Նախորդը

Նշմար. «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքին Նուիրուած Ձեռնարկին Առիթով

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Ո՞վ Պիտի Ըլլայ Մերսետեսի Վարորդը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.