Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Եւ Կիսասարկաւագաց Աստիճանի Տուչութիւն

April 17, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան Նշան Սվաճեան, Սերժ Մամիկոնեան եւ Յակոբ Սարգիսեան: Ձեռնադրութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազանը:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ  Զատիկէն ետք երրորդ կիրակին ծանօթ է «Աշխարհամատրան կիրակի» անունով, որ  մեր մէջ կը վերակենդանացնէ նախնական եկեղեցւոյ յիշատակը, աւելցնելով, որ Աշխարհամատուռը` իբրեւ շէնք, նոյնինքն այն վերնատունն էր, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ունեցած էր զատկական իր վերջին ընթրիքը եւ իր յարութենէն ետք անոնց մէջ յայտնուած էր ու` Աւետարանը աշխարհին տանելու պատգամը թելադրած անոնց: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ իբրեւ Քրիստոսի հաւատքին շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւն, Աշխարհամատուռը կազմուած էր անոնցմէ, որոնք Քրիստոսի աստուածութիւնը կը խոստովանէին եւ առաքելներուն հետ համախմբուելով` ամէն օր միասնաբար կ՛աղօթէին եւ իրենց եղած պատուէրին համաձայն, հացի բեկումը կը կատարէին ու համայնական իրենց կեանքի ոճին համար ոչ միայն կ՛արժանանային շրջապատի ուշադրութեան ու հիացումին, այլեւ` Աստուծոյ շնորհքով իրենց թիւը օր ըստ օրէ աւելիով կ՛աճէր:

«Աշխարահամատրան կիրակիին առիթով գէթ պէտք է անդրադառնանք, որ քրիստոնեային ցուցաբերած բարոյական ու հոգեւոր կեցուածքը կարեւոր է ոչ միայն անհատին համար, այլեւ` հաւաքականութեան վիճակին համար» հաստատեց առաջնորդ սրբազանը աւելցնելով, որ պէտք է յիշենք, թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդկային ընկերութեան մեծ ընտանիքը կազմելով, անոր մէջ պատրաստուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ այդ ընտանիքին անդամներն ենք նաեւ մենք:

Շարունակելով իր խօսքը, սրբազանը թելադրեց ներկաները, որ գէթ բարոյապէս իրար օգնեն, իրար համար աղօթեն, քրիստոնէավայել կեանքով քով քովի համախմբուին եւ բարոյական կեցուածքով զիրար պաշտպանելու ճիգ կատարեն նկատել տալով, որ այդ բոլորին կարիքը աղաղակող իրականութիւն է ամէն տեղ` եկեղեցւոյ մէջ, դպրոցներէն ներս, ակումբներուն մէջ ու մանաւանդ մեր տուներէն ներս, ուր հին օրհնութեան դրոշմը սկսած է չքանալ:

«Աշխարհամատրան Կիրակին կը յիշեցնէ, թէ նախ սրտով ու հաւատքով պէտք է ստեղծենք այն ինչ, որ կեանքով կը փորձենք իրականացնել: Աստուած ամէն մարդու շնորհք մը ու ձիրքեր տուած է, որոնք պէտք է ոչ միայն օգտագործուին, այլ` զարգանան ու աճին նոյնինքն մարդկային մեր կեանքի պայմաններուն մէջ, որոնց վրայ պիտի աւելնայ Աստուածային օրհնութիւնն ու շնորհքը, որ պարգեւն է հաւատքի կեանքին` եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարան Եւ Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.