Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» Թատրերգութեամբ Ելոյթ Ունեցաւ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Թատերախումբը

April 16, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ

Հալէպահայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ վայելելու Քեսապէն ժամանած «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի թատերախումբին կատակերգական ներկայացումը, ծանօթանալու նոր դերակատարներու եւ ըմբոշխնելու հայկական մեր իրականութեան մէջ յոռի երեւոյթներ քննատադող Սարուխանի երգիծական ոճը։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի,  կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան,

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Քեսապէն ժամանած Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի թատերախումբին Ալեքսանդր Սարուխանի «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութեան ներկայացումը, բեմադրութեամբ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեանի:

Ներկայացումը դիտելու եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրը, պատուելին,  Ազգ. վարչութեան, Պատկան Մարմինի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեանց,  հալէպահայ մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ հանդիսատեսներ։

Բեմը կը ներկայացնէր հայկական օջախ մը։ Տան ճակտին կախուած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հայ գիրերու գիւտին յայտնաբերման առնչուող պատկերը։ Հանդիսատեսը հետաքրքրութեամբ կը սպասէր ներկայացումին։

Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ  քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն։

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենադպրուհին յայտարարեց ելոյթին սկիզբը։

Քեսապ հայաւանի  բոյրն ու շունչը իրենց հետ բերած տարբեր տարիքի համազգայնական դերակատարներ ներկայացուցին սփիւռքահայ հանրահռչակ երգիծաբան եւ ծաղրանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութիւնը՝ ներկայ տագնապներուն առնչելով զայն։

Կատակերգութիւնը ե՛ւ  ծիծաղաշարժ էր, ե՛ւ դաստիարակիչ։

Նիւթը կեդրոնացած էր այնպիսի կերպարներու վրայ, որոնք արհամարհելով ազգային պատկանելիութիւնը, օտարամոլութենէ կուրացած կը թերագնահատէին հայկականը եւ առանց հասկնալու կ՚իւրացնէին օտար բարքեր, նոյնիսկ անտեսելով օտարներու թերութիւնները։

Անոնք, սակայն, ներկայացման վերջաւորութեան անդրադառնալով իրենց սխալ մտածողութեան՝ պիտի վերադառնային իրենց ազգային արմատներուն ու սորվէին հայոց այբուբենը իրենց երեխաներուն իսկ դիմելով:

Մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ,

երկու արարներով ներկայացուած թատրերգութիւնը օտարին ծանօթանալով մէկտեղ հայկականը չուրանալու, զայն արժեւորելու պատգամ կը փոխանցէր։

Հալէպահայ հանդիսատեսը ծափողջոյններով ողջունեց ու գնահատեց տարուած աշխատանքը։

Ներկայացումէն ետք, Համազգայինի Սուրիոյ  Շրջ. Վարչութեան անդամ Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան խօսք առնելով  շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ  հոգեշնորհ Տ. Եսայի Աբեղայ Էօրտէքեանին, Համազգայինի  «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի թատերախումբին եւ բեմադրիչ Նայիրի Կարճիկեան- Մելքոնեանին, անոնց անձնուէր աշխատանքին եւ հաճելի ներկայացումին համար։ Ապա բեմ հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանը եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանը՝ յուշանուէրով պատուելու թատերախումբի բեմադրիչ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեանը։

Աւարտին, Մակար սրբազան իր սրտի խօսքը ուղղելով բարձր գնահատեց Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի թատերախումբին անդամները, որոնք Քեսապէն Հալէպ ճամբորդութեան դժուարութիւնները յանձն առնելով հալէպահայը ականջալուր դարձուցին այն խորհուրդին, որ օտարամոլութենէ եւ համաշխարհայնացումէ չտարուիլն ու յարաբերելով մէկտեղ բազում մշակոյթներու հետ հայկական արժէքներուն կառչիլն է մեր ինքնութեան պահպանման երաշխիքը։ Ան ըսաւ. «Կը կարծեմ որ այս պատգամը երկար ժամանակ պիտի արձագանգէ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, աւելիով անդրադառնալու մեր ունեցածի արժէքին եւ այդ հասկացողութեամբ նաեւ դեսպանները հանդիսանալու այն ժառանգութեան, որ մեզի կտակուած է արիւնով, նահատակութեամբ, ճիգով, ջանքով ու մեծ զոհողութեամբ»։

Թատրերգութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid02hHZapqnvzyQmHEJWeqVhf7RQwiNYT6qKwLxSpgre9S5n5wKqRw4HYfaxMqEVtk2cl

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի Երախայրիքը՝ «Լո՜յս Իմաստութիւն, Իմաստութիւն Լոյս» Եռահատոր Գիրքը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Ապրիլ 2024)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.