Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզ Յաղթեց Վուլվզի Դաշտին Վրայ. Լէյքըրզ Յաղթեց Նիւ Օրլինզի Մէջ

April 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան 82-րդ եւ վերջին մրցումները, որոնց աւարտին Ֆինիքս Սանզ յաղթելէ ետք Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դաշտին վրայ (125-106), կրցաւ գրաւել 6-րդ դիրքը եւ փլէյ-օֆի մտնել մրցակից ունենալով… նոյնինքն Մինեսոթան: Բնական ախոյեանութեան գծով Ֆինիքս 3 անգամ ալ կրցած է յաղթել Մինեսոթային, սակայն փլէյ-օֆի մրցումները տարբեր կրնան ըլլալ:

Պրատլի Պիլ 36 կէտ նշանակեց 6 անգամ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով` ձեռք ձգելով 100 տոկոս անսխալ հարուած:

Տեւըն Պուքըր (23 կէտ, 7 էսիսթ), Կրէյսըն Էլըն (20 կէտ, 6 ռիպաունտ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (15 կէտ) եղան Սանզի լաւագոյնները:

Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկներն էին Ռուտի Կոպեր (21 կէտ, 7 ռիպաունտ), Մայք Քոնլի (17 կէտ) եւ Անթոնի Էտուըրտծ (13 կէտ, 6 ռիպաունտ):

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 124-108 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ մրցումէն:

Լըպրոն Ճէյմս, որ իր 21-րդ բնական տարեշրջանը փակեց շատ լաւ ձեւով. ձեռք ձգեց 28 կէտ, 17 էսիսթ, 11 ռիպաունտ եւ 5 սթիլ: «Միայն յաղթել կ՛ուզեմ: Ուրեմն, մրցումի պարագաները ինծի ինչ որ պարտադրեն, պատրաստ եմ կատարելու լիուլի: Ես զուիցերիական բանակի դանակի նման եմ, ամէն ինչ պէտք է դաշտին մէջ կատարեմ, բայց ոչ մէկ բան նախօրօք որոշուած է», ըսաւ Լըպրոն Ճէյմս:

Հետաքրքրականը այն է, որ Լէյքըրզ 8-րդ դիրքը գրաւելով փլէյ-ինի զտումի մրցում պիտի կատարէ նոյնինքն Նիւ Օրլինզի դաշտին վրայ` որոշելու, թէ ո՛վ արժանի է գրաւելու 7-րդ դիրքը: Պարտուող խումբն ալ կը մրցի Սաքրամենթօ – Կոլտըն Սթէյթ մրցումին յաղթականին դէմ` գրաւելու 8-րդ եւ վերջին փլէյ օֆի դիրքը:

Արեւելեան շրջանին մէջ, Միլուոքի Պաքս 113-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օրլանտօ Մեճիքէն եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը: Օրլանտօ գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Շատ տաք մրցումի մը ընթացքին, Նիւ Եորք Նիքս Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ 19.812 հանդիսատեսներու ներկայութեան կրցաւ երկարաձգումի ընթացքին յաղթել Շիքակօ Պուլզին (120-119)` գրաւելով Արեւելեան շրջանի 2-րդ դիրքը:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն քլաչ (վճռական վայրկեաններուն կէտ նշանակող) մարզիկներէն Տըմար Տըրոզըն (30 կէտ) կորսնցուց 2 կէտ նշանակելու ոսկի առիթ մը, մրցումի աւարտէն 2,8 երկվայրկեան առաջ:

Ճէյլըն Պրանսըն 40 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց` հաւասարելով Փաթրիք Եուինկի մրցանիշին (2-րդ դիրքի վրայ), 11-րդ 40 կէտ կամ աւելի նշանակելով մէկ եղանակի ընթացքին` Նիւ Եորքի տարազով:

1984-1985 տարեշրջանին Պեռնար Քինկ 13 անգամ կատարած էր այս իրագործումը (40 կէտ կամ աւելի): Տոնթէ Տիւինչենցօ 25 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նիւ Եորքի, մինչ Ճոշ Հարթ 12 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Շիքակոյէն փայլեցան Նիքոլա Վուչեվիչ (29 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քոպի Ուայթ (26 կէտ) Տը Ռոզընի կողքին, մինչ Ալեք Քարուզօ 15 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց: Շիքակօ Պուլզ մնաց 9-րդ դիրքին վրայ, անիկա պիտի մրցի 10-րդ դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքսի դէմ, իսկ յաղթականը` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ (7-րդ) – Մայեմի Հիթ (8-րդ) մրցումին պարտուող խումբին դէմ գրաւելու 8-րդ դիրքը:

Ստորեւ` վերջին մրցումներուն արդիւնքներ.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պրուքլին Նեթց 107-86
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս 113-88
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ 120-119
Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 118-103
Ինտիանա Փէյսըրզ – Աթլանթա Հոքս 157-115
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Չարլոթ Հորնեթց 110-120
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 132-122
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 121-82
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 105-116
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ 123-116
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 123-95
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տալաս Մեւրիքս 135-86
Նիւ Օրլինզ-Փելիքընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-124
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ֆինիքս Սանզ 106-125
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 111-126

Նախորդը

Հրաձգութիւն. Էլմիրա Կարապետեան` Ոսկի Մետալակիր

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ Հասաւ Ֆայնըլ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.